yerakouyn.com. Ժամանակակից ամերիկացի գրող Մայքըլ Ռուպին կը կանխատեսէ Թուրքիոյ մասնատումը: Թրքական «Birgün.net» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` Ռուպին նոյնիկ աւարտած կը համարէ Թուրքիոյ մասնատման հոգեբանական փուլը:
Ամերիկացի գրողը, որ աւելի առաջ կանխատեսած էր նաեւ Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձը, Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումները կը համեմատէ Եթովպիոյ, Սուտանի, Փաքիստանի հետ, որոնց մասնատումէն յառաջացան նոր պետութիւններ` Էրիթրէան, Հարաւային Սուտանը, Պանգլատեշը: Հեղինակը կ՛ընդգծէ, որ այս բոլոր դէպքերուն մէջ եւս մասնատման նախորդեցին երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմներ, եղան հազարաւոր զոհեր, եւ որ ամենակարեւորն է, դեռ մինչեւ փաստացի քաղաքական մասնատումը բնակչութեան միջեւ արդէն հոգեբանական օտարացում յառաջացած էր, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը:
«Նոր սերունդի թուրքերը քիրտերը եթէ ոչ թշնամի, ապա, ամէն պարագայի, օտար կը համարեն: Արեւմտեան կենսաոճը նախընտրող թուրքերուն մեծ մասը ոտք նոյնիսկ չէ դրած Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններ: Իսկ այս շրջանին բնակող քիւրտերուն մեծ մասը երբեք չէ այցելած Անթալիա, Պուրսա, Իզմիր: Թուրքիան հոգեբանական մասնատման գործընթացի մէջ է: Որոշակի պահու նոյնիսկ Էրտողանը հասկցաւ, որ նմանատիպ մասնատումը անխուսափելի է: Ատիկա հասկանալի է նաեւ, երբ տնտեսական քաղաքականութենէն հանուեցան քրտական շրջանները»:
Հեղինակը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ Էրտողան քիւրտերու նկատմամբ կը վարէ արիւնոտ եւ ստորացուցիչ քաղաքականութիւն: Ան կը յիշեցնէ, որ Էրտողան ընտրութիւններէն առաջ յոյս ունէր ստանալ քիւրտերու մեծ մասին քուէները, սակայն երբ հասկցաւ, որ այդ քուէներուն կարիքը չկայ, մոռցաւ անոնց տուած բոլոր խոստումները:
Ռուբին իր յօդուածը կ՛եզրափակէ հետեւեալ տողերով.
«Թուրքերը պէտք է հաշտուին իրականութեան հետ. Թուրքիան այժմ մասերու բաժնուած է: Պետութեան սահմանները շուտով պիտի փոփոխուին: Միայն թէ առայժմ անյայտ է` երկու առանձի՞ն պետութիւններ կ’առաջանան, թէ՞ Թուրքիոյ կազմին մէջ գտնուող դաշնութիւն կը ստեղծուի: Գուցէ Էրտողան իրեն մեծ առաջնորդ կամ նոր Աթաթուրք կը համարէ, սակայն եթէ Աթաթուրքը կառուցեց ժամանակակից Թուրքիան, ապա Էրտողան, զայն կործանելէն բացի, ուրիշ ոչինչ ըրաւ: Էրտողան պատմութեան մէջ պիտի մտնէ ոչ թէ իբրեւ հերոս, այլ իբրեւ յանուն իր գոռոզամտութեան Թուրքիան կործանած չարագործ»: