«Ազդակ». Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած ընդհանուր հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս 12 դեկտեմբերին այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան:
Թուրքիոյ մէջ դիւանագիտական առաքելութեան անցած ամերիկացի դիւանագէտը փափաք յայտնած է ծանօթանալու հայկական համայնքի հոգեւոր կեդրոնին:
Աթեշեան, շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցած է պատրիարքական աթոռին եւ հայ համայնքին մասին: Ան յաջողութիւն մաղթած է ընդհանուր հիւպատոսին` դիւանագիտական նոր պաշտօնին մէջ: