ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Դեկտեմբեր 6ին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ կազմակերպուած եւ Արցախի անկախութեան 25րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառման, որուն ընթացքին նաեւ հանդէս եկած է ելոյթով մը:
Միջոցառման մասնակցած են Հայկական հարցերու քոնկրեսական համախմբումէն անդամներ, Հայաստանի եւ Արցախի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անդամներ, ամերիկահայ համայնքի հոգեւոր դասի, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հիւրեր:
Տասնեակ մը քոնկրեսականներ, ներառեալ՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Էտըմ Շիֆ, Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա եւ Պրետ Շըրմըն, իրենց ելոյթներուն մէջ աջակցութիւն յայտնած են Արցախի անկախութեան եւ զարգացման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ դատապարտած են անցեալ Ապրիլին Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը՝ հաւաստիացնելով, որ ամէն ջանք կը գործադրեն՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովելու համար:
Ելոյթներ ունեցած են նաեւ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Վարչապետ Յարութիւնեան իր ելոյթին մէջ յոյժ կարեւոր համարած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը՝ յիշեցնելով, որ երկու երկիրները ժողովրդավարական հասարակաց արժէքներ կը պաշտպանեն։ Ան ներկայացուցած է վերջին 25 տարիներուն ընթացքին Արցախի իշխանութեան ապահոված տնտեսական եւ ժողովրդավարական յառաջխաղացքը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է այն քոնկրեսականներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Արցախի անկախութեան։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում