ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատ պիտի բանայ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին մէջ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձը:
Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ երկու տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքէ ետք, Ապրիլ 28, 2015ին, կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացած էր՝ վերոյիշեալ պահանջով: Սահմանադրական դատարանը իր կարգին դիմած էր Թուրքիոյ արդարութեան նախարարութեան՝ անոր կարծիքը ստանալու: Վերջինս թելադրած էր մերժել դատը՝ զայն Սահմանադրական դատարանին իրաւասութեան սահմաններէն դուրս նկատելով:
Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշեց դիմել Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան, Սթրազպուրկի մէջ (Ֆրանսա):
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում