kantsasar.com. Այսօր, սուրիական բանակը շարունակելով Հալէպի արեւելեան հատուածի ազատագրումը, իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Սեքէն ալ Շապապի շրջանը, որ կը գտնուի նախապէս ազատագրուած ռազմական գիտահետազօտական կեդրոնին դիմաց, Հալէպի օդակայանին ուղղութեան վրայ։
Մինչ այդ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն իրենց հակակշռին տակ գտնուած շրջաններէն հրթիռակոծել խաղաղ բնակչութիւնը։
Սուրիական բանակի Հալէպի զինուորական գործողութիւններու գրասենեակէն «Ալմայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ սուրիական բանակը վճռած է իր դաշնակիցներուն օժանդակութեամբ ազատագրել Հալէպի գրաւուած շրջաններուն մէջ որպէս պատանդ օգտագործուող քաղաքացիները եւ կարճ ժամանակի մէջ ազատագրել ամբողջ Հալէպը։