kantsasar.com. ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը այսօր իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ Հալէպի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Շէյխ Սաիտի տարածքը։
Սուրիական պաշտօնական պատկերասփիւռի տեղեկութեան համաձայն, սուրիական բանակը առ այսօր իր ամբողջական հակակշռին տակ առած է Հալէպի արեւելեան հատուածի 16 շրջան՝ երաշխաւորելով նշեալ շրջաններու մէջ բնակող 90.000- ի հասնող բնակչութեան անվտանգութիւնը։
Նշեալ շրջաններէն առ այսօր դուրս ելած է 18.000 մարդ։ Սուրիական բանակը ռուսական կողմին օժանդակութեամբ դուրս եկող բնակչութեան համար նախօրօք ապահոված էր բնակարաններ, ինչպէս նաեւ սննդական եւ առողջապահական բազմատեսակ ծառայութիւններ։
Հալէպի Առողջապահական Տնօրէնութիւնը իր ամբողջ կարելիութիւնը ի սպաս կը դնէ արեւելեան շրջաններէն դուրս ելլող բնակիչներուն առողջապահական կարիքներու բաւարարման համար։
Հալէպի բնակչութիւնը այսօր խաղաղութեամբ դիմաւորեց օրը։ Սուլէյմէն Հալէպիի մէջ գտնուող ջուրի ընկերութիւնը վերանորոգուելէն ետք կանոնաւոր կերպով բանիլ սկսաւ։
Հալէպի նահանգապետը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործակցութեամբ աշխատանք կը տանի նաեւ վերաշխուժացնելու Հալէպի արդիւնաբերական շրջանները՝ Լերամոն, Շէյխ Նաճճար եւ Արքուպ։