Սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը Հալէպի արեւելեան թաղամասերուն մէջ։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն բանակը կը յառաջանայ դէպի Պոսթան Քասըր, Պապ ալ Հատիտ, Շաար, ալ Զահրաա թաղամասերը։
Պոսթան Քասըրի մէջ զինեալներ վար առած ու այրած են իրենց զէնքերը՝ հազարաւոր քաղաքացիներու հետ դուրս ելլելու մարդասիրական անցքերուն միջոցով։
Նշենք, որ սուրիական բանակը երէկ իր ամբողջական հակակշռին տակ առած էր նաեւ գիտահետազօտական կեդրոնի բնակարանային համալիրը։
Ազատագրական մարտերը կը շարունակուին։
Կարդացեք նաև
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Գանձասար»–ի կայքում