Սուրիական «Սամա» պատկեռասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այսօր սուրիական բանակը, ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ուժերուն օժանդակութեամբ ազատագրեց Հալէպի արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածներու հետեւեալ շրջանները.- Փոսթան Փաշա, Պաաիտին, Հուլլոկ, Աին ալ Թալ, Հենէնօ, Սախուր, Ճեպէլ Պետրօ եւ Հայտարիէ։
Ռուսական Հըմէյմիմ ռազմակայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, ազատագրուած շրջաններէն դուրս ելած է 2500 քաղաքացի(800-ը՝ մանուկներ)։ Սուրիական բանակը ապահոված է քաղաքացիներու անվտանգ ելքն ու ցուցաբերած անհրաժեշտ օժանդակութիւն։
Սուրիոյ Ազգային Հաշտութեան Յանձնախումբը կոչ ուղղեց Հալէպի արեւելեան կարգ մը թաղամասերուն մէջ տեղաւորուած զինեալներուն վար առնելու իրենց զէնքերն ու միանալու հաշտութեան գործընթացին՝ խոստանալով երաշխաւորել բոլոր յանձնուողներուն անվտանգութիւնը։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Գանձասար»–ի կայքում