Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սեւակ Արծրունի. Հայ-քրտական հեռանկարներ. Արեւելք

Նոյեմբեր 28,2016 11:03

arevelk.am. 19-րդ դարուն արեւմտահայութիւնը կ’ապրէր Օսմանեան իշխանութեան կողմէ զինուած եւ օգտագործուող արիւնարբու քրտական ցեղախումբերու լուծին տակ: Հայկական քաղաքական շարժումներն ու հայոց եկեղեցին ջանք չէին խնայէր հայցելու Օսմանեան, արեւմտեան ու ռուսական տիրութիւններու միջամտութիւնը՝ օսմանահայութիւնը քրտական հալածանքներէն փրկելու համար: Քրտական աշիրէթները հարիւրամեակներ շարունակ կը թալանէին հայկական բնակավայրերը, կ’առեւանգէին հայ աղջիկները, հայութիւնը օրէ օր կը զրկէին երկրագործական կենսական հողատարածքներ օգտագործելու իրաւունքէն:
14-16 դարերու Թուրք-Պարսկական պատերազմներէն ի վեր Օսմանեան Բարձր Դուռը քրդական ցեղերով վերաբնակեցուցած էր Արեւմտահայաստանը: Այս խորամանկ գործողութեան նպատակը, քիւրտ քոչուոր ցեղերու ներթափանցման միջոցով Օսմանահայութիւնը դէպի կ

յսրութեան արեւմտեան շրջաններ տարրաբնակեցնել եւ իսլամացնելը եղած էր:
1896-էն 1921, արեւմտահայութեան շարունակական ոչնչացման եւ հայկական քաղաքակրթական ժառանգութեան բռնազաւթման գործին մէջ քրտերը եղած են ոչ միայն անմիջական մասնակից, այլ նաեւ՝ առաջին եւ գլխաւոր շահառու: Տեղահանուած կամ բնաջնջուած հայութեան կողմէ անտէր ձգուած բնակավայրերէն ներս, հազուագիւտ դէպքերու՝ Ռուսաստանէն ու Եւրոպայէն տեղահանուած թուրքալեզու «մուհաջիրներ» կը տեղաւորուէին, եւ երիտթուրք վերնախաւի տեղական ներկայացուցիչներ հայապատկան խոշոր տնտեսութիւններուն միայն կը տիրանային, միւս մնացած բոլոր դեպքերը ցոյց կու տան, որ հայութեան հայրենիքին եւ անոր հազարամեայ տնտեսութեանը փաստացի տէր դարձած են քրտերը: Այն, ինչը այսօր կը կոչուի Թուրքիայի Քրտստան, գրեթէ ամբողջութեամբ հիմնուած է հայկական տարրի բնաջնջման եւ ունեզրկման հաշուին:

Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք, Քեմալական Թուրքիոյ դէմ հայ-քրտական համագործակցութեան փորձերը եղած են կարճաժամկէտ եւ աննշան արդիւնքներով: 1919-ին, երբ հայութիւնը մահամերձ էր իսկ քրտական ազգային ճակատը կը միանար Մուսթաֆա Քեմալի՝ Թուրքիոյ անկախութեան պատերազմին, Վերսայլի վեհաժողովին, արեւմտահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները քիւրտ առաջնորդ Շէրիֆ Փաշայի հետ միասին կը դիմէին առաջին համաշխարհային պատերազմը յաղթած պետութիւններուն՝ անկախ Քրտստան եւ անկախ Հայաստան ստեղծելու համար: Սակայն, Քեմալ-Լենինեան ռեւանշիստական առանցքի եւ Անկլոսաքսոն պիզնեսի վրայ հիմնադրուող քաղաքական գերատեսչութիւններու մրցակցութիւնը շատոնց մարսած էին հայութեան միլիոններու թափած արիւնը: Մինչ ԱՄՆ քոնկրեսը կը մերժէր Հայկական եւ քիւրտական մանտաթները, Լենինն ու Քեմալը կը պատրաստուէին իրենց միջեւ կիսել նաեւ հայութեան վերջին յոյսը դարձած, 1918-ին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Այսօր, մինչ, Թուրքիան կը վերականգնէ իր կորսնցուցած կայսրութիւնը, քրտերը կ’ապրին արեւելեան Թուրքիայի մէջ որպէս ժողովրդագրական իշխող տարր, եւ արեան գնով ստեղծած են ինքնավար պետութիւններ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ուր մասնակից են աշխարհաքաղաքական բոլոր խաղադրումներուն: Եւ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ու քրտական հարցի միջազգայնացումէն ետք, ահա հայ-քրտական յարաբերութիւնները ինչ-որ աշխուժացում կը թուին ապրիլ: Թուրքիայի եւ Իրաքի Քրտական քաղաքական վերնախաւը ջանք ու եռանդ չի խնայէր՝ հանդէս գալ հայամէտ արտայայտութիւններով:

Սակայն, այս հայամէտ ջանքերը մինչեւ հիմա կը հետապնդեն միայն նեղ քրտական շահեր.

1. Հայոց ցեղասպանութեան բարոյական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւնը եւ հատուցման սպառնալիքը պաշտօնական Անգարայի վրայ կեդրոնացնել
2. Թուրքիայի եւ Փոքր Ասիոյ տարածաշրջանի հայութեան պահանջատիրութեան լիազօրութիւնը ստանալու միջոցով հայութեան վայելած միջազգային քաղաքական համակրանքէն ու վստահութեան պաշարներէն բաժին ստանալ
3. Թուրքիայի թուլացման պարագային, Հայաստանը դէպի Ռուսաստան բացուող կամուրջի վերածել

Նման իրատեսական եւ փրագմաթիք քաղաքական դիրքորոշման զուգահեռ, որոշ հայկական ծագում ունեցող քիւրտ գործիչներու մոտ առկայ են սկզբունքային հայամէտ դիրքորոշումներ, որոնց դրական ազդեցութիւնը քրտական քաղաքական մտքի վրայ, մեր գնահատումով չնչին են, եթէ ոչ՝ բացասական:

Թուրքիոյ բոլոր կուսակցութիւններէն միայն ձախակողմեան Կանաչներու կուսակցութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է հայոց ցեղասպանութիւնը: Քրտական ոչ մէկ կառոյց, ո՛չ Թուրքիայի, ո՛չ Իրաքի, ո՛չ ալ Իրանի կամ Սուրիոյ մէջ ցարդ չեն ճանչցած հայոց, հունաց եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները եւ անոնց մէջ՝ քրտական պատասխանատուութեան ծանրակշիռ բաժինը: Անհատական նախաձեռնութեամբ կատարուած քիւրտ գործիչներու հայամէտ յայտարարութիւնները միշտ եղած են ոչ սկզբունքային, ոչ պաշտոնական եւ ծառայած են ընտրական կամ մետիաթիք պատեհապաշտ նպատակներու:

Նոյնիսկ պաշտօնապէս, ոչ քրտական այլ ձախակողմեան HDP կուսակցութիւնը հակառակ իր ղեկավար անդամներու առանձին յայտարարություններուն, ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ կամ փաստաթուղթի միջոցաւ մինչեւ այս պահը հանդէս եկած է նման նախաձեռնութեամբ: Օճալանի հրամանով հիմնադրուած HDP կուսակցութեան նպատակն է քրտական դատին միացնել Թուրքիոյ ձախակողմեան շրջանակներու կողմէ վերահսկուող Փոքր Ասիոյ ազգերու պայքարը, եւ երբեմն Թուրքական Մեճլիսէն լսուող քիւրտ երեսփոխաններու հայամէտ ելոյթները միշտ ալ նպատակ հետապնդած են սաստել թուրք գործընկերները՝ հայկական հարցի հնարաւոր շահարկման սպառնալիքով:

Քրտական յոթգլխանի վիշապը ունի բազմաթիւ դէմքեր. ազգայնամոլական, ձախակողմեան, ամերիկամէտ, ռուսամէտ, թրքամէտ, հակաթրքական, անկախամէտ, հակաարաբական, հակաիրանեան, հակաիսլամական, արմատական իսլամիստական, իսրայէլամէտ, մարդասիրական, եւ բոլոր առումներով ալ անիկա բարդ է եւ լի անհամադրելի հակասութիւններով: Այդպէս է նաեւ հայերուս նկատմամբ, եւ մենք պարտաւոր ենք հայութեան իրաւունքներու նկատմամբ քրտական քաղաքական կողմնորոշման մասին ունենալ յստակ վերլուծութիւն :

Ինչ կը վերաբերի HDP-ի ցուցակով ընտրուած միակ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանին, ան քաղաքական կեանք մտած է ոչ թէ որպէս հայ, այլ որպէս ձախակողմեան հասարակական գործիչ, աքթիւիսթ: Կարո Փայլանի հայկական գործունէութիւնը ակնառու դարձած է բոլորովին վերջերս, այսինքն HDP կուսակցութեան ստեղծման ժամանակներէն սկսեալ: Այս փաստը չի նուազեցնէր Կարոյի անկեղծ նուիրումը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման պայքարէն ներս, պարզապէս կը յաստատէ, որ Կարոյի քաղաքական գործունէութեան հիմքը Թուրքիոյ ժողովրդավարացումն է եւ քրտական հարցը, որոնք Թուրքիոյ ձախակողմեան մտածողութեան հիմնաքարերն են ի սկզբանէ: Հրանդ Տինքի օրերէն իսկ Թուրքիոյ ձախերուն քով արմատացած է այն կարծիքը, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման շոգէքարշը, locomotive-ը քրտական հարցն է:

Արդ, «Վերջերս Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ծայր առած, քիւրտ-թրքական բացարձակ պատերազմը արդեօ՞ք հայկական հարցին, այսինքն արեւմտահայութեան իրաւունքներու վերականգնումին օգուտ կու տայ» հարցումին, ես կը պատասխանէի՝ Ո՛չ:

Նախ, որովհետեւ մենք ինքներս մեր հարցը քաղաքական օրակարգէ հանած ենք: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս, բացի ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրէն ուրիշ ոչինչ Թուրքիայէն չի պահանջէր, իսկ սփիւռքը ցեղասպանութեան ճանաչման ինքնանպատակ շրջափուլերուն մէջ ինքզինք սպառած է արդէն շատոնց: Այս պայմաններուն մէջ, մեր՝ հայերուս ցանկութիւնները անհամաչափ են եւ էականօրէն կը զիջին մեր կորուստներուն: Ինչպէս որ Երեւանը 1919-ի պետութեան իրաւական ժառանգորդը չեղաւ, այդպէս ալ արեւմտահայութիւնը 1915-ը վերապրած եւ հայրենակորուստ հայութեան, հայրենիքի իրաւունքը կրողի, ժառանգորդը չուզէր ըլլալ…:
Մինչդեռ, աշխարհաքաղաքական ներկայ պահը այն պատեհ առիթն է, որ ե՛ւ քիւրտերուն, ե՛ւ թուրքերուն, ե՛ւ միջազգային հանրութեանը, արեւմտահայութիւնը ներկայանայ այլեւս հստակ պահանջատիրութեամբ. որն է՝ հայութեանը վերադարձնել իր կրած վնասի հանրագումարը, այսինքն հայութեան հայրենիքը:

Թուրքիոյ մէջ ապրող բազմամիլիոնանոց դաւանափոխ հայութեան մէծ մասը էրտողանական է եւ իր հայկական արմատներուն շատոնց գերադասած է իսլամը: Իսկ քրտացած հայերը շարունակաբար ահաբեկուած են քիւրտ ազգայնականներէն, որոնք իրականութեան մէջ Թուրքական Քրտստանի իրական տէրն ու տիրականն են:
Այս պայմաններուն մէջ, հակաթուրք հայ-քրտական ճակատ կարող է ձեւաւորուիլ այն ատեն, երբ քիւրտ ղեկավարութիւնը, պաշտօնական եւ սկզբունքային կեցուածք կը դրսեւորէ հայրենազուրկ հայութեան իրաւունքներու արդար հատուցման սկզբունքի մասին: Այլապէս հայ-քրտական ներկայ աղմուկն ու շարժուձեւերը առանց բովանդակութեան ու անհեռանկար երեւոյթներ կը մնան, կը շարունակուին եւ կը մարին, նոյնքան անիմաստ, ինչքան եղած են նաեւ անցեալին: Առանց հայկական հայրենիքի իրաւունքի շուրջ հստակ դիրքորոշման, հայ-քրտական ոեւէ երկխօսութիւն, համագործակցութիւն անիմաստ է եւ ժամանակի կորուստ:

Առանց հայկական հայրենիքի իրաւունքի շուրջ յստակ դիրքորոշման, ոչ միայն հայ-քրտական, այլ նաեւ հայ-թրքական, հայ-ֆրանսական, հայ-ռուսական եւ ընդհանրապէս հայկական ամէն տեսակ գործունէութիւն ինքնանպատակ է, մակերեսային, կեղծ է եւ անհեռանկար:

Ժամանակն է, որ ոչ միայն հայ-քրտական յարաբերութիւններէն ներս, այլ հայկական իրականութեան մէջ, հայութիւնը վերադառնայ իր հայրենիքի իրաւունքի պահանջատիրութեան հիմնախնդրին, որն իրականութեան մէջ բնական է եւ այլընտրանք ալ չունի:
Սեւակ Արծրունի,

27 Նոյեմբեր 2016թ.

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930