«Գանձասար». Ուրբաթ, 25 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին հրթիռակոծել Հալէպի բնակելի կարգ մը թաղամասերը, ինչպէս՝ Նոր Գիւղ, Սուլէյմանիէ, Ճեմիիյէթ Զահրաա եւ Ճեմիլիէ:
Ռազմական առումով, տեղական աղբիւրներուն համաձայն, սուրիական բանակը համարեա՛ իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ Հալէպի մեծագոյն թաղամասերէն Մեսէքէն Հենէնօն:
Կենցաղային առումով, Հալէպի մէջ 5 ամիս է ի վեր ելեկտրական հոսանք չկայ, փոխարէնը սակայն ջուրի մատակարարումը բարելաւուած է: Սղաճը կը շարունակուի՝ յատկապէս սուրիական դրամանիշի անկումին եւ երկրին սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցներուն հետեւանքով:
Համայնքէն ներս Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինն ու բարեսիրական միութիւնները կը մատուցեն բազմաբնոյթ ծառայութիւններ: