«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթօնի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ այս օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը:
Հանրապետութեան փոխվարչապետը խօսեցաւ համահայկական դրամահաւաքի կարեւորութեան մասին` նշելով, որ հայրենիքի համար նուիրատւութիւնը իւրօրինակ զինուորագրում կը նշանակէ:
«Ապրիլեան պատերազմէն ետք առաջին գիծի վրայ՝ պաշտպանութեան մէջ կատարուած են նոր վերանայումներ: Տարուած է բաւական շատ աշխատանք, եւ հակառակորդի խորքային տեղաշարժը այժմ դարձած է բաւական տեսանելի եւ խոցելի»,- յայտարարեց Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:
Ան նշեց, թէ կը վստահեցնէ, որ այսօր մարտական խնդիրը իրականացնողը անկախութեան սերունդն է, եւ մեր բանակը աւելի քան վստահելի ձեռքերու մէջ է: Արթուր Աղաբեկեան ընդգծեց, որ մենք դեռ բաւական աշխատանք ունինք կատարելու եւ մեր հայրենակիցներէ կախուածած է, թէ դրամահաւաքին իբրեւ արդիւնք՝ որ հարցերը հնարաւոր պիտի ըլլայ լուծել: