Այս օրերուն, Հայաստանի ժողովուրդին խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկը՝ իւրաքանչիւր աշխատողէ բանակին համար ամսական հազար դրամ հաւաքելու մասին պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկն է: Արդէն քանի մը օրէ ի վեր խորհրդարանին մէջ քննարկուող սոյն առաջարկը, որոշ բարեփոխումներու ենթարկուելէ ետք, կրնայ քուէարկութեան դրուիլ եւ օրէնքի ուժ ստանալով՝ պարտադիր դառնալ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար:
Հայաստանի մէջ դժուար է գտնել նոյնիսկ մէկ քաղաքացի, որ դէմ ըլլայ բանակին օգնելու նախաձեռնութիւններուն: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ պատրաստ է ոչ միայն նիւթական օգնութիւն, այլեւ՝ նոյնի՛սկ իր մատղաշ զաւակներուն կեանքը նուիրելու հայրենիքին՝ անտեսելով նոյն այդ հայրենիքը արիւնաքամ ընող ամէնէն կաշառակեր՝ «կոռումբացուած» իշխանաւորներու եւ որոշ հրամանատարներու վարքն ու բարքը: Բայց բանակի զոհուած ու վիրաւոր զինուորներուն համար ամիսը 1000 դրամ նուիրելու առաջարկը՝ թող զարմանալի չթուի ընթերցողներուն, հանրութեան կողմէ քննադատութեանց ենթարկուեցաւ եւ բաւական լուրջ ըմդդիմութեան հանդիպեցաւ:
Անխուսափելիօրէ՛ն, այս նիւթը նաեւ արծարծուեցաւ երեւանեան սրճարաններուն մէջ, սուրճի կամ թէյի բաժակի շուրջ ընկերական մեր հանդիպումներուն ընթացքին: Բանակին օգնելու մասին վէճ չկար, սական տարակարծութիւն կար օգնելու ձեւին եւ միջոցին շուրջ:
Նախկին գործընկերներէս Դաւիթը, որուն երկու զաւակները ծառայած են բանակին մէջ, չէր հասկնար, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ամիսը 1000 դրամ հաւաքելու որոշում առնուած է:
«Ա՛յ մարդ, չեմ հասկանում, ի՞նչ հաշուարկ ա եղել, ո՞վ ա որոշել, որ 1000 դրամը հերիքում է նրանց խնդիրների լուծմանը: Ո՞նց են եզրակացրել, ի՞նչ հետազօտութիւններ են արել: Ոչ մի բան չեն ասում: Ընդամէնը ասում են՝ ամիսը հազար դրամ տուէք, որ սոցիալական խնդիրներ լուծենք», ըսաւ ան, երբ հետաքրքուեցայ իր բացասական կարծիքին պատճառներով:
«Էս իշխանաւորները չեն հասկանում, որ էս ժողովուրդը ոչ թէ 1000 դրամ, այլ 10 կոպէկ էլ չի վստահում նրանց: Մարդիկ մտածում են՝ բան չմնաց, հիմի էլ ուզում են բանակի զոհուած ու վիրաւոր զինուորներով մեզ խաբեն», աւելցուց Վահանը: Ան Ապրիլին թողած էր գործ ու ընտանիք եւ խումբ մը ընկերներու հետ կամաւոր մեկնած էր Արցախ:
«Չհասկացա՛յ, երեխէս նոր ա գնացել բանակ ու ես ամէն ամիս փող եմ ուղարկում, որ նա նորմալ հաց ուտի, տաք շորեր ունենայ, ատամի մածուկ գնի: Հա՛մ էլ հարկեր եմ տալիս, որպէսզի երկիրը ապահով ու անվտանգ լինի: Հիմի որ խօսամ, կ՛ասեն՝ թշնամու ջրաղացին ջուր ես լցնում: Եթէ հարկերով նորմալ զինուոր չէք պահում, բա ո՞նց հաւատանք, որ 1000 դրամով վիրաւոր զինուորներին էք խնամելու», պոռթկաց Սամուէլը, որուն մէկ հատիկ զաւակը՝ Արտակը, գարնան զօրակոչուած էր բանակ եւ ներկայիս կը ծառայէ Արցախի ճակատներուն վրայ:
Կարդացեք նաև
Րաֆֆի Տուտագլեան
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում