Նոր ու արդիական հրատարակութեամբ՝ Լոյս տեսաւ յոյն բանաստեղծ Քուլիս Ալեփիսի «Արմենիքի Մուսա» գիրքը
Յոյն շնորհալի բանաստեղծ ու հայ մշակոյթի մեծ սիրահար Քուլիս Ալեփիսի «Արմենիքի Մուսա» երկերու հաւաքածոն, իր սկզբնական հրատարակութենէն 78 տարիներ ետք, դարձեալ լոյս կը տեսնէ՝ «Արմենիքա» եռամսեայի կողմէ վերահրատարակութեամբ։
Յունասմտանի «Ազատ օր» օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Քուլիս Ալեփիսի զգայուն վարպետութեամբ յունարէնի թարգմանուած հայ բանաստեղծներու քերթուածները՝ գերազանց հաւաքածոյ մը կը կազմեն, ուր կը տողանցեն հայ մեծագոյն բանաստեղծներու հոգիներէն բխած հայաշունչ կտորներ։
Յոյն բանաստեղծի հոյակապ աշխատանքը, օրին ընդունուած էր մեծ խանդավառութեամբ, յոյն մտաւորական ու մշակութային շրջանակներուն կողմէ։
Նոր ու արդիական հրատարակութիւնը իր շարքի չորրորդն է՝ 1938-ի սկզբնական, ապա՝ 1939-ի ու 1956-ի վերահրատարակութիւններէն ետք։
Քուլիս Ալեփիս եւ «Արմենիքի Մուսա»
«Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս բանաստեղծութիւնը, որ իրապէս այնքան քիչ անհրաժեշտ է մարդոց, համաշխարհային արուեստի մէջ՝ այնքան բարձր դիրք կը գրաւէ։ Բանաստեղծութիւնը հոգիներու երաժշտութիւնն է, մանաւանդ՝ զգայուն ու վեհ հոգիներու»։
Ֆրանսացի բանաստեղծ Վոլթերի այս խօսքերուն համահունչ անձնաւորութիւն մը՝ Քուլիս (Քիրիաքոս) Ալեփիս Յունաստանի Լաքոնիայի Արէոփոլիս քաղաքին մէջ ծնած է 1903-ին։ Աթէնքի մէջ իրաւագիտութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ իր ուսումը ամբողջացնելով, ան բանաստեղծութիւններ կը սկսի հրատարակել յունական հանդէսներու մէջ։
27 տարեկան հասակին մէջ ան պաշտօն կը ստանձնէ Արղոսի տնտեսական նախարարութեան մէջ, ուր կը սիրահարուի երիտասարդ աղջկայ մը, որ սակայն կը տառապի թուպերքիւլոզի վարակէ։ Քուլիս Ալեփիս օրական կ‘ընկերանայ իր սիրահարին, մինչեւ ճակատագրական վերջը։ Այդ ժամանակ կը յղանայ իր ամէնէն ծանօթ բանաստեղծութիւնը, որ յոյն գրական շրջանակներուն կողմէ կ‘ընդունուի որպէս յունաքան բանաստեղծութեան գլուխ գործոցներէն մին։
Աղջկան վաղաժամ կորուստը, տխրութիւնն ու մելամաղձոտութիւնը՝ իրենց ծանր կնիքը կը ձգեն զգայուն բանաստեղծի սրտին վրայ, իր կեանքը նշանաւորելով, մինչեւ իր մահը։
1935-ին, Գոսթիս Փալամասի դրդումով, ան կը սկսի սերտել հայ մշակոյթի գոհարները, ընթերցելով հայ բանաստեղծներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնները։ Առաջին ծանօթութեան խանդավառութիւնը աւելի կը խորանայ, երբ փափաքելով յաւելեալ եւս տեղեկանալ այս գծով, կ‘այցելէ «Նոր Օր» օրաթերթի խմբագրատունը, ուր կը հանդիպի երիտասարդ խմբագիր եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ։
Այս հանդիպումը ճակատագրական կը դառնայ երկուքին համար, քանի որ խոր արմատներով երկար բարեկամութեան մը կը յանգեցնէ։ Երկու երիտասարդ բանաստեղծներու հանդիպումները կը դառնան ծայր աստիճան հոգեդղորդ, մանաւանդ որ Վազգէն Եսայեան կը յորդորէ Քուլիս Ալեփիսը, որ հայերէն սորվի եւ յունարէնի սկսի թարգմանել հայկական բանաստեղծութիւնները։ Այս գաղափարը մեծապէս կը խանդավառէ Քուլիս Ալեփիսին, որ անսովոր եռանդով կը սկսի շուտով հմտանալ հայերէն լեզուին մէջ (ինք արդէն կը խօսէր լատիներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն)։
Իր ջանքերուն արդիւնքը կ‘ըլլան հայ բանաստեղծներու հոյակապ թարգմանութիւնները, որոնք հատուածաբար լոյս տեսնելէ ետք գրական տարբեր հանդէսներու մէջ, կ‘ամփոփուին «Արմենիքի Մուսա» խորագիրը կրող հաւաքածոյի մը մէջ, հայ քնարական աշխարհը ներկայացնելով յոյն հասարակութեան։ Յոյն բանաստեղծի աշխատանքը կ‘ընդունուի մեծ խանդավառութեամբ յոյն մտաւորական ու մշակութային շրջանակներուն կողմէ, ստիպելով Քուլիս Ալեփիսին, որ 1936-ի սկզբնական հրատարակութենէն ետք, երկրորդ ու երրորդ հրատարակութիւններ կատարէ 1938-ին եւ 1956-ին։
«Արմենիքի Մուսա»-ն կը պարունակէ Դանիէլ Վարուժանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Պետրոս Դուրեանի, Վահան Թէքէյեանի, Գէորգ Կառվարենցի, Քամառ Քաթիպայի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Եղիշէ Արք. Դուրեանի, Արշակ Չոպանեանի, Մեծարենցի եւ ուրիշ գրողներու ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւններ։ Քուլիս Ալեփիս փորձած է ծանօթացնել հայ սիրուած բանաստեղծներու գործերը՝ արժանաւորապէս գնահատելով անոնց արուեստագէտի խառնուածքը, իւրաքանչիւրի կեանքի պայմաններուն ընդմէջէն։