Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ինչո՞ւ ոչ հայերէն. «Ասպարեզ»

Նոյեմբեր 23,2016 10:55

Երբ կը խօսինք հայերէնի վտանգուած լեզու ըլլալուն մասին, մեր միտքը առաջին հերթին կ՛երթայ արեւմտահայերէնին, քանի որ ականատեսը կ՛ըլլանք, կամայ-ակամայ՝ անոր հետզհետէ նուազ գործածութեան, իրարու յաջորդող նոր սերունդներուն կողմէ, մասնաւորապէս եւ անոր սխալ ու խաթարուած գործածութեան՝ բոլորիս կողմէ ընդհանրապէս։

Սակայն կայ ուրիշ իրողութիւն մը, որ հայերէնի վերապրումին կ՛առնչուի ու կը վտանգէ անոր գոյութիւնը, այդ ալ շարունակական ու հետզհետէ առաւել աղաւաղումն է արեւելահայերէնին, ինչպէս որ անիկա կը գործածուի մեր հայրենի մամուլին մէջ, եւ ո՛չ միայն մամուլին։ Արդարեւ, հայրենիք «ուխտի՜ գացող» սփիւռքահայերս մշակութային ցնցումի կ՛ենթարկուինք Երեւանի մէջ՝ տեսնելով «սուպերմարկետ»ները, «բանկ»երն ու մասամբ նորին՝ խանութներու կամ հաստատութիւններու ճակատին։ Եթէ այս երեւոյթը պետական լեզուական պատասխանատուութեան մը թերացման կամ յստակ քաղաքականութեան մը բացակայութեան հետեւանք է, մամուլի ճամբով կատարուող աղաւաղումները կը բխին թէ՛ հաւաքական սայթաքումներէ, այս պարագային ԶԼՄնե-րու )զանգուածային լրատուական միջոցներու, որ mass media-ի հայերէն համազօրն է, որուն գործածութիւնը ընդհանրացած է( սեփականատէրերու անփութութեան կամ անտարբերութեան պատճառաւ, եւ թէ անհատական, այսինքն անհատ գրողներու, լրագրողներու թերացումէն՝ ճիշդ ու մաքուր հայերէնով գրելու իրենց լրատուութիւնն ու վերլուծումները, յօդուածները։ Հոս կայ ի հարկէ նաե՛ւ պետական պատասխանատուութիւն մը, նախ որովհետեւ քաղաքական դէմքերը նոյնպէս կը սահին-կ՛իյնան կոխելով լեզուական պանաններու )կամ բանաններու( իրենց քայլերուն առջեւ նետուած կեղեւներուն վրայ, ապա որովհետեւ չի գործադրուիր լեզուն անաղարտ պահելու ազգային քաղաքականութիւն, եւ չեն գործեր նման քաղաքականութիւն գործադրելու անհրաժեշտ լծակները։

Այսպէս, Երեւանի փողոցներէն քալող անցորդներու ստացած հարուածներուն նման հարուածներ կը ստանան մամուլի էջերը թղթատող ընթերցողները։ Ես ինքս, նոյն տագնապը կ՛ապրիմ ամէն առաւօտ, երբ կը բանամ «Երկիր»ի կայքէջը։ Կ՛ակնկալեմ, որ անիկա՛, որպէս դաշնակցական մամլոյ անդամ, առաջին հերթին ի՛նք նախանձախնդիր ըլլայ լեզուական բծախնդրութեան, մաքրութեան, բայց աւա՜ղ, միւսներուն նման ինք եւս կ՛իյնայ նոյն թակարդներուն մէջ ու կ՛ողողուի օտարաբանութիւններու հեղեղով մը։ Տակաւին ափսոս, որ իր լրատուութիւններուն մէջ անիկա ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս… Yerkir.am, որ հասկնալի է, թէ իր ելեկտրոնային կայքէջին անունն է, թէեւ անոր վերեւ, ձախին, մեծադիր ու յստակ գրուած է «Երկիր»։

 

ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930