«Գանձասար». Այսօր, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Պոսթան ալ Քասըր շրջանէն հրթիռակոծեցին Հալէպի զանազան շրջանները։ Անոնք չխնայելով խաղաղ բնակչութիւնն ու կրթական հաստատութիւնները հրթիռակոծեցին նաեւ Ֆըրքան շրջանին մէջ գտնուող նախակրթարան մը, ուր 8 տեղացի աշակերտ զոհուեցաւ (7-12 տարիքի միջեւ), 27 վիրաւոր արձանագրուեցաւ։
Մինչ այդ, սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրեց Հալէպի արեւելեան շրջաններուն ուղղութեամբ՝ մուտք գործելով Մէսէքէն Հէնէնօ։