«Գանձասար». Այսօր, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի Մուհաֆազա, Իսմայիլիյէ, Ճեմիլիյէ, շրջաններն ու ռուսական հիւպատոսարանի մերձակայքը։ Արձանագրուեցաւ 4 զոհ, 17 վիրաւոր։
Հայկական թաղամասերը համարեա՛ հանդարտ էին, մէկ ժամ առաջ սակայն հրթիռ մը ինկաւ Սուլէյմանիէ շրջանի «Ֆաուր» հիւանդանոցին կից շէնքի մը վրայ, որուն հետեւանքով հրդեհ մը բռնկեցաւ։