Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սուրիոյ հայութեան օժանդակութիւնը եւ վերականգնումը կը մնան համահայկական առաջնահերթութիւն. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Նոյեմբեր 17,2016 10:35

Այս յստակ շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Տիար Գագիկ Ծառուկեանի Անթիլիասի Մայրավանք այցելութիւնը, Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն։

Տիար Ծառուկեան յատուկ կերպով եկած էր Նորին Սրբութեան պարզելու Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը եւ ստանալու Վեհափառ Հայրապետին պատկերացումը այս ուղղութեամբ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Տիար Ծառուկեանի հանդիպման ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ եւ պետական երեսփոխան Տիար Սեպուհ Գալփաքեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Տիար Բենիամին Պչաքճեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենադպիր Տիար Սեւակ Յակոբեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Տիար Տիգրան Ճինպաշեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ու Լիբանանի պետական երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի եւ Սուրիոյ պետական երեսփոխան Տիար Ժիրայր Ռէիսեան։

Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Տիար Գագիկ Ծառուկեանի Հայաստանէն ներս իր կատարած բարեսիրական ծառայութիւններուն եւ իր նուիրատուութիւններով կառուցուած եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարուան ընթացքին Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան յատկացուցած իր կէս միլիոն տոլարի նուիրատուութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Տիար Ծառուկեան պատրաստ է շարունակելու իր նիւթական օժանդակութիւնը Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն եւ ընդհանրապէս վերականգնումի աշխատանքներուն։

Խօսք առնելով Տիար Ծառուկեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու իր աջակցութիւնը Սուրիոյ հայութեան եւ աւելցուց, թէ ինք եկած էր Վեհափառ Հայրապետին մօտ ստանալու անոր օրհնութիւնը եւ ուղղութիւնը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը խօսք տուաւ բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց հերթին գնահատեցին Տիար Ծառուկեանի պատրաստակամութիւնը գործնապէս թիկունք կանգնելու Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ամփոփելով ներկաներուն տեսակէտները շեշտեց հետեւեալները.-

ա) Սուրիոյ տագնապի առաջին իսկ օրէն, մեր որդեգրած ազգային քաղաքականութիւնը կը մնայ նոյնը.- մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ ենք, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ան ընդունեց մեր ժողովուրդի զաւակները. Սուրիոյ ծաղկման իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր համայնքը եւ պիտի շարունակէ նոյն յանձնառութեամբ. առաւելագոյն չափով մեր ժողովուրդը հեռու պէտք է պահել ներքին կռիւներէ, մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը հարկ է ամրապնդել եւ մեր կարելին ընել օժանդակելու Սուրիոյ մեր համայնքի կազմակերպ պահպանման։

բ) Մենք նաեւ յստակ կերպով շեշտեցինք, որ Սուրիոյ հայ համայնքի պահպանումը ամէ՛ն իմաստով հրամայական է. սակայն անոնք որոնք իրենց կամքով կը հեռանան Սուրիայէն, մէկ ու յստակ հասցէ պէտք է ունենան.- Հայաստան։ Եւ ապա Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց, որ յիշեալ կէտերուն մասին բազմիցս անդրադարձած ենք։

գ) Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ՝ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան որպէս գործնական արտայայտութիւն Անթիլիասէն ներս հիմնադրամ մը հաստատեցինք եւ կո՛չ ուղղեցինք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի օգտակար հանդիսանան մեր աշխատանքներուն։ Անթիլիաս փոխանցուած գումարները հանգրուանային կերպով փոխանցեցինք Հալէպ՝ մեր համայնքին ամբողջականութիւնը ներկայացնող Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինին, որպէսզի ան համայնքի կարիքներուն համաձայն եւ իր հայեցողութեամբ օգտակար ըլլայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ աւելցուց, որ անցնող տարիներուն Հայաստանի պետութիւնը եւս զանազան առիթներով, թէ՛ Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայութեան եւ թէ՛ Հայաստան ներգաղթած ընտանիքներուն իր օժանդակութիւնը կատարեց։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը Հայաստանի պետութեան եւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակող մարմիններուն ու ազգայիններուն իր գնահատանքը յայտնեց։

Իր կատարած յիշեցումներէն ետք Արամ Ա. Կաթողիկոս աւելցուց.- 1) Վստահ ենք մեր ազգային բոլոր կառոյցներու կեցուածքին թարգմանը կ’ըլլանք երբ կարեւորութեամբ ընդգծենք, որ Սուրիոյ հայ գաղութին պահպանումը մեզի համար կը շարունակէ մնալ համազգային առաջնահերթութիւն։ 2) Մենք մեծապէս կը գնահատենք այն բոլոր օժանդակութիւնները՝ Հայաստանի պետութեան թէ այլ կառոյցներու կամ անհատներու կողմէ, որոնք կը կատարուին Հայաստան ու Ղարաբաղ հաստատուած կամ հաստատուող ընտանիքներուն։ Պէտք է շարունակուին այս օժանդակութիւնները։ 3) Անդրադառնալով Տիար Ծառուկեանի փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ թէ՝ մեր սպասումն է, որ յատուկ յանձնախումբ մը տնօրինէ անոր կողմէ հիմնուելիք հիմնադրամի յատկացումները՝ ուղղուած միաժամանակ թէ՛ Սուրիոյ մէջ ապրող եւ թէ՛ Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ հաստատուած սուրիահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930