Սթամպուլի մէջ գործող հայկական դպրոցներէն մէկուն պատին կրկին յայտնուած է ռասիստական գրութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթը՝ նշելով, որ այս անգամ թիրախ դարձած է Սթամպուլի Պոմոնթի թաղամասին մէջ գտնուող Մխիթարեան վարժարանը:
Ռասիստական գրութեան մասին տեղեկացուցած է գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» նախկին պատգամաւոր Այքան Էրտեմիրը: Ան ընկերային կայքերու միջոցով տարածած է դպրոցի լուսանկարը, որուն վրայ կ՝երեւի հետեւեալ գրութիւնը. «Գիշեր մը յանկարծակի պիտի յայտնուինք Ղարաբաղի մէջ»:
Նշենք, որ ասիկա 2016-ի ընթացքին Սթամպուլի հայկական դպրոցներուն վրայ յարձակման առաջին դէպքը չէ: Օգոստոսին Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք վարժարանի պատին, իսկ Սեպտեմբերին Սկիւտարի Գալֆայեան դպրոցի ճակատամասին՝ նոյնպէս յայտնուած էին ռասիստական գրութիւններ: Անցած են ամիսներ, բայց դեռ յայտնի չէ, թէ ով կամ ովքեր են անոնց հեղինակները:
Այս հարցը քննարկուած է անգամ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: ԺՀԿ պատգամաւոր Սեզգին Թանրըքուլուն Սեպտեմբերին գրաւոր հարց ուղղած է վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին, սակայն սահմանուած ժամկէտին պատասխան չէ ստացած: