Հայոց բանակի նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելու նպատակով մշակուած օրինագիծը համաժողովրդական քննարկման կ՛ենթարկուի, եւ կը յուսանք, որ զայն մշակողները պատրաստ են բաց միտքով սերտելու կառուցողական ու սրտցաւ առաջարկները եւ բարեփոխման ենթարկելու զանոնք:
Այս նախագիծը նախ եւ առաջ պէտք է բացառէ հաւանական որեւէ բացասական հակազդեցութիւն՝ ժողովուրդի որեւէ հատուածի ու խաւի մէջ: Համաժողովրդական համախոհութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի շահուած բարոյական օգուտը չփոշիանայ վերապահումներով կամ արդար հիմք ունեցող նկատառումներով:
Այս հարցին քննարկման ընթացքին, պէտք է նաեւ խուսափիլ հայրենասիրական հռետորութեան օգտագործումով՝ քննարկումը կամ նոյնիսկ քննադատութիւնը լռեցնելու փորձութենէն: Մեր անձնական մասնակցութիւնը կամ հապճեպօրէն ճշդուած հազարական դրամի սակէն աւելին տալու մեր պատրաստակամութիւնը չ՛արդարացներ անտեսելը ծանր տնտեսական վիճակի մէջ ապրող քաղաքացիին ընդվզումը՝ իրեն պարտադրուած անհամեմատ զոհաբերութեան դէմ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում