Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը յատկանշական աջակցութիւն մը ստացաւ, շնորհիւ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2-ին, Թորընսի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած ձեռնարկին։
Արդարեւ, դրամահաւաքի այդ նախաձեռնութեան ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 15,000 տոլար գումար մը, որուն 10,000 տոլարը նուիրուեցաւ Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան կողմէ։
Հաւաքուած այս գումարը պիտի յատկացուի Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ՝ Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու աշխատանքին։
Նշեալ ձեռնարկին ներկայ մօտաւորապէս 60 համակիրները իրենց ներկայութեամբ եւ գործնական մասնակցութեամբ դարձեալ շեշտեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուող զինուորներու ընտանիքներուն նեցուկ կանգնելու ճիգերուն մէջ սփիւռքահայութեան դերակատարութիւնը, որ անմիջական օժանդակութիւն մը ըլլալու կողքին՝ կը նպաստէ Սփիւռքի հայ երիտասարդութեան եւ Արցախի ճակատներուն վրայ թշնամին հեռու պահող զինուորներուն միջեւ յարաբերութեանց սերտացման։
«Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է իր կարելին ընել, Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։ Մենք նաեւ պէտք է վստահ ըլլանք, որ այս նպատակին համար իրենց զաւակները կորսնցուցած ընտանիքները երբե՛ք առանձին չեն զգար», յայտնեց դրամահաւաքի սոյն ձեռնարկը կազմակերպած Հարաւային Ծովածոց-Թորընսի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ատենապետ Ռաֆֆի Մարտիրոսեան։
Նշենք, որ «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը ցարդ օժանդակութիւններ հասցուցած է աւելի քան 90 ընտանիքներու՝ անոնց յանձնելով աւելի քան 110,000 տոլար ընդհանուր գումար մը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում