Քալիֆորնիոյ մէջ դաշնակցական երիտասարդները հեևթական անգամ տապալած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր, երկրի առաջին նախագահ Քեմալ Աթաթուրքին նուիրուած ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած է Նոյեմբեր 9-13` «Աթաթուրքի շաբաթ» ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
ԱՄՆ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք, որ Քալիֆորնիոյ «Չափման» համալսարանին մէջ Աթաթուրքի մասին դասախօսութեան պահուն հայ երիտասարդները «ներխուժած են» լսարան` կռնակ դարձուցած թուրքերուն: Երիտասարդները սկսած են բարձրաձայն վանկարկել «Ամօթ Աթաթուրքին, ամօթ Թուրքիոյ», ինչ որ դասախօսութիւնը լսող ազգայնամոլ թուրքերուն շրջանին մէջ մեծ վրդովմունք յառաջացուցած է:
ԱՄՆ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան էջին մէջ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ պարզ կ’երեւի, թէ ինչպէս կատղած թուրքերը կը փորձեն յարձակիլ հայ երիտասարդներուն վրայ, թքելով, հայհոյելով` փորձելով հակադարձել տղաներուն: Ներկաներէն մէկն նոյնիսկ կը յանդգնի միջնամատ ցոյց տալ երիտասարդ հայորդիին:
Իրենքզիրենք չկորսնցնելով` հայորդիները թեւանցուկ կը շարունակեն ցոյցը` հասնելով իրենց բուն նպատակին` տապալել Աթաթուրքի մասին դասախօսութիւնը: Չկարենալով հակառակիլ հայ երիտասարդներուն` հաւաքուած ամբոխը ստիպուած կը հեռանայ դահլիճէն:
Յիշեցնենք, որ երէկ Քալիֆորնիոյ «Նորթրիճ» նահանգային համալսարանին մէջ ՀՅԴ անդամ հայ ուսանողները նոյնպէս տապալած էին Աթաթուրքի մասին դասախօսութիւնը: Այն պահուն, երբ Աթաթուրքի եւ թրքական քարոզչութիւն իրականացնելու համար դասախօսը մտած էր լսարան, հայ ուսանողները կռնակ դարձուցած էին անոր` վանկարկելով «Ցեղասպանութիւնը կը ժխտուի», «Թուրքիան մեղաւոր է Հայոց ցեղասպանութեան համար»: Դասախօսը ստիպուած հեռացած էր լսարանէն:
Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ ԱՄՆ-ի միութիւնը նաեւ կոչ ըրած է միանալ հայկական, քրտական, եզտիական եւ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւններուն` արտայայտելու Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան կողմէ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներուն եւ պատգամաւորներուն դէմ ոտնձգութիւնները, կը գրէ yerkir.am-ը :