Վերնագիրը կրնայ մատնել կեցուածքս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփի հանդէպ: Այո՛, կը մտածէի, որ Թրամփի ընտրութեամբ աշխարհը կրնայ կործանիլ: Ի վերջոյ՝ «երկրագունդի ամէնէն հզօր մարդը» կոչումին տէր դարձած եւ քաղաքական փորձառութիւն չունեցող ընտրեալ նախագահը, իր նախընտրական յայտարարութիւններուն մէջ ցուցաբերած էր ցեղապաշտական, հաշմանդամներու ու կիներու հանդէպ վիրաւորական տրամադրութիւններ, որոնք վտանգաւոր չափերով կրնան սրել ամերիկեան հասարակութեան ներքին մթնոլորտը:
Նախընտրական պայքարը անպայման չափազանցութիւններով շեշտուած կ՛ըլլայ, այդ մէկը հասկնալի է, եւ ընդհանրապէս յաղթանակի ճառը՝ մեղմացման, միասնականութեան յորդորներով կը յատկանշուի: Այդպէս ալ եղաւ՝ ահաբեկուած միջազգային շուկային ու քաղաքական շրջանակներուն հանգստութիւն ներշնչելով (արժեթուղթերու շուկան լաւագոյն ապացոյցն է այդ հանգստութեան):
Յամենայնդէպս, իբրեւ երկրագունդի բնակիչներ, մտահոգ պիտի մնանք մոլորակի ջերմացման հետեւանքներուն ու միջավայրի մաքրութեան հանդէպ նախանձախնդրութեան պակասի, ինչպէս նաեւ առողջապահական ապահովագրութեան ձեռքբերումներու կորուստի հաւանականութիւններով:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում