«Գանձասար». Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին որդեգրուելէն ետք Գերմանիոյ մէջ բնակող բազմաթիւ թուրքեր ընդդիմացած են այդ որոշումին եւ կոպիտ կերպով արտայայտած իրենց վերաբերմունքը Պունտըսթակի` ծագումով թուրք երեսփոխաններուն նկատմամբ:
«Պերլինըր Ցայթունկ» օրաթերթը կը գրէ, որ վերջերս այդ դէպքերուն կապակցութեամբ դատավճիռներ արձակուած են:
Դիմատետրի վրայ Ձախերու կուսակցութեան ծագումով թուրք անդամ, երեսփոխան Սեւիմ Տաղտելեն «անառակ» կոչած թուրքին ներկայացուած է 600 եւրոյի չափով տուգանք, իսկ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրը «անառակի որդի» անուանած թուրքին` 700 եւրոյի չափով տուգանք:
«Լաւ է, որ համացանցը նոյնպէս կը հսկուի օրէնքով», «Պերլինըր Ցայթունկ»-ին ըսած է Սեւիմ Տաղտելեն:
Ազգութեամբ թուրք Ճեմ Էօզտեմիր յոյս յայտնած է, որ դատավճիռը զսպող ազդեցութիւն ունենայ: