«Գանձասար»-ը կը տեղեկացնէ, թէ Հալէպի մէջ կացութիւնը լարուած է: Սուրիական բանակը կոչ ուղղած է արեւելեան շրջաններու բնակիչներուն դուրս ելլելու բանակին յատկացուցած անցքերուն ճամբով` երաշխաւորելով անոնց ապահովութիւնը, հակառակ պարագային հեռու մնալու զինեալ խմբաւորումներու թաքստոցներէն, որպէսզի յառաջիկայ օրերուն օդուժի հասցնելիք հարուածներէն չվնասուին: Զինեալները թոյլ չեն տար տուեալ շրջաններու բնակչութեան դուրս ելլել:
Հայկական թաղամասերը այս օրերուն հանդարտ են: Վերջին քանի մը օրերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փորձեն թափանցել Հալէպի հարաւարեւմտեան թաղամասեր, սակայն չեն յաջողիր, փոխարէնը կը հրթիռակոծեն Համտանիյէի եւ Հալապ Ժետիտէի շրջանները: