«Արեւելք».. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Հոգեւոր խորհուրդին որոշումով, պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, պատրիարքական աթոռին համար առաջադրուած է չորս թեկնածուներու անուն: Անոնք են՝ պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան, Գերմանահայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան եւ Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան: