Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, «Ինծի համար, կը ներէք, «հա՛յ է, յո՛յն է» ըսողներ եղան» ըսած էր:
Հիմա ես ալ, իմ կարգին, ամօթ կը զգամ իր անունը եւ «հայ ազգը» սահմանումը նոյն նախադասութեան մէջ գործածելէն: Ուրեմն, ընթերցողը թող ներէ զիս այս անպատշաճ երեւոյթին համար: Խոստովանի՛մ, որ անհրաժեշտութիւնը զիս դրաւ նման անյարմարութեան դիմաց: Էրտողան թերեւս կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ հայոց սրտին: Վերջերս, ան յաճախ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ հանրապետութեան օրինականութեան փաստաթուղթը համարուող Լօզանի դաշնագիրին: Առարկութիւններ ունի այդ համաձայնութեան վերաբերեալ: Կը պնդէ, որ Լօզանի մէջ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը անտեղի զիջումներ ընդունած է, ու կ՛աւելցնէ՝ «Հանրապետութեան սահմանները մեր կամքով չեն ճշդուած» ըսելով:
Բազմաթիւ հայեր նոյնութեամբ կրնան ձայնակցիլ Էրտողանի այս նախադասութեան: Ա. Աշխարհամարտի աւարտին եւ յաջորդող տարիներուն ճշդուած սահմաններն ալ մե՛ր՝ հայերուս, կամքին հակառակ էին: Չըլլա՛յ թէ կամաւոր հրաժարած ըլլայինք ամբողջ հայրենիքի մը տարածքէն: Երկիր, որուն վրայ իր ծագումէն ի վեր աճեր ու զարգացեր է հայ ժողովուրդը: Արարատը մեր ազգային խորհրդանշա՛նն է: Անիի աւերակները՝ նոյնպէ՛ս: Ի վերջոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսօրուան սահմանը հաստատող դաշինքը ստորագրող կողմերը Թուրքիան եւ Խորհրդային պետականութիւնն էին: Հայերս երբեք ու երբեք չենք հրաժարած մեր պահանջատիրութենէն: Գոյացած սահմանը բացարձակապէս մեր կամքով չէ՛: Պարզապէս՝ համակերպած ենք ժամանակին պարտադրած պայմաններուն:
Այս իրողութիւնը տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ պետական ենթագիտակցութեան մէջ: Այդ պատ-ճառաւ ալ, Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, երբ Խորհրդային բանակը ռազմափորձեր կատարելու համար զօրք կը կուտակէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծին, թրքական բանակը, թողնելով Արեւմտեան Հայաստանը՝ կը նահանջէր մինչեւ Կեսարիա: Կեսարիան պատահական չէ. Սեւրի դաշնագիրին համաձայն՝ Թուրքիոյ թողուած տարածքի արեւելեան ծայրամասն էր այդ քաղաքը:
Կարդացեք նաև
Պետական ենթագիտակցութիւնը 1991ին դարձեալ շարժման անցաւ եւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութենէն պահանջեց սահմաններու երաշխիք: Ուզեց, որ Խորհրդային Միութեան հետ կնքուած Կարսի դաշինքը վերահաստատուի նաեւ Հայաստանի կողմէ: Անշուշտ որ Հայաստանի կառավարութիւնները մերժեցին այդ պարտադրանքը եւ գոհացան՝ յայտարարելով, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առայժմ սահմաններու վերաբերեալ խնդիր մը չունի։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում