Հալէպի մէջ բջիջային հեռաձայններու եւ համացանցի ծառայութիւնը մէկ օր ( Հինգշաբթի 27 Հոկտեմբերին) անջատուելէ ետք, այսօր առաւօտեան վերականգնեցաւ, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Երէք օրէ ի վեր դադրած է ջուրի մատակարարումը, իսկ ելեկտրականութիւնը հասանելի չէ 4 ամիսէ ի վեր։
Ապահովական առումով, երէկ սուրիական բանակը ետ մղեց հարաւարեւմտեան շրջանի 1070 բնակարանային համալիրի ուղղութեամբ զինեալ ահաբեկիչներու մեծ յարձակում մը։
Ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին հրթիռակոծել Հալէպի զանազան թաղամասերը։
Կարդացեք նաև
Շահպա պողոտային մէջ գտնուող արաբական «ալ Ուաթանիէ դպրոցին վրայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն արձակած հրթիռի պայթիւնին հետեւանքով զոհուեցաւ 3, վիրաւորուեցաւ 14 երեխայ, իսկ Համտանիէ շրջանի բնակարաններու հրթիռակոծման արդիւնքով զոհուեցան տեղացի ընտանիքի մը երեք զաւակները։
Նոր Գիւղի մէջ ինկան զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած երեք կազի պայթուցիկ տակառներ, որոնք, բարեբախտաբար չպայթեցան։