Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՍԴՀԿ . Կը Զօրակցինք Հիլլըրի Քլինթոնին

Հոկտեմբեր 27,2016 10:42

Նոյեմբեր 8-ին, միլիոնաւոր ամերիկացիներ պիտի ուղղուին քուէատուփ` մասնակցելու համար վերջին տասնամեակներու ամենէն ճակատագրական նախագահական ընտրութիւներէն մէկուն, որու արդիւնքէն կախեալ պիտի ըլլայ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու ապագան, այլ նաեւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ աշխարհի վրայ:

Ընտրուելու հաւանականութիւնը կը սահմանափակուի երկու գլխաւոր կուսակցութիւններու` Հանրապետականներու եւ Դեմոկրատներու թեկնածուներուն միջեւ, որոնցմէ մէկը պիտի դառնայ երկրի 45-րդ նախագահը ու պաշտօնավարէ յաջորդ չորս տարիներուն:

Ընտրարշաւի ամբողջ ընթացքին, Հանրապետական թեկնածու Տոնալտ Թրամփ, իր տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական անորոշ ծրագիրներով, խտրականութեան վրայ կառուցուած բաժանարար ելոյթներով, միլիոնաւոր գաղթականներ արտաքսելու կոչերով, ոչ նախագահավայել իր պահուածքով, անձնական գործերուն մէջ իր ունեցած բազմաթիւ սնանկութիւններով ու գործած զեղծարարութիւններով, նաեւ իգական սեռի հանդէպ իր անբարոյ վերաբերմունքով եկաւ ցոյց տալու թէ, ատակ չէ ստանձնելու այս երկրի բարձրագոյն պաշտօնը:

Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ անոր ունեցած տնտեսական ծրագիրները, Տոնալտ Թրամփը կը նկատենք անընդունելի թեկնածու մը մեզի համար:

Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածու Հիլլըրի Քլինթոն ունի երկարամեայ փորձառութիւն, որպէս Առաջին Տիկին, Ծերակոյտի անդամ եւ ապա Պետական Քարտուղար: Ան միշտ վարած է հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն, որդեգրած է Դեմոկրատ Կուսակցութեան ծրագիրները` ուղղուած ընկերային արդարութեան ու աշխատաւոր ու միջին խաւի տնտեսական շահերու պաշտպանութեան: Հիլլըրի Քլինթոն կը հանդիսանայ յառաջդիմական գաղափարներու ջատագովը ու երկարամեայ նուիրեալը:

Այս բոլորը նկատի առնելով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կու գայ յայտնելու իր զօրակցութիւնը Դեմոկրատ թեկնածու Հիլլըրի Քլինթոնին:

Այս առթիւ Տիկ. Քլինթոնին յղուած մեր զօրակցութեան նամակին մէջ մենք մաղթած ենք, որ Հայկական  Ցեղասպանութեան հարցով ան վերադառնայ այն կեցուածքին, որ ունեցած էր իր Ծերակոյտի անդամ եղած շրջանին: Նաեւ, կոչ ըրած ենք, որ ան սատարէ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին ու Լեռնային Ղարաբաղի հարցի բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծման:

Մենք յոյս յայտնած ենք նաեւ, որ իր օրով առաւել կը զարգանան Հայաստանի հետ փոխյարաբերութիւնները ու կը շարունակուի տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու օժանդակութիւնները` նպաստելու համար երկրին մէջ կեանքի պայմաներու բարելաւման ու ժողովրդավարութեան հաստատման:

Առ այդ, կոչ կ°ուղղենք Ամերիկահայութեան` լայն մասնակցութիւն բերելու Նոյեմբեր 8-ի ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու յօգուտ Դեմոկրատ թեկնածու Հիլլըրի Քլինթոնին` որպէս նախագահ Միացեալ Նահանգներու:

 

ՍԴՀԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31