Հալէպահայ համայնքին դէմ ապատեղեկատուական արշաւի ձեռնարկողներու շարանը սկսաւ պարզուելու:
Ցաւօ՛ք, հայատառ բայց հայութեան ու հայկականութեան հաւաքական շահերու գիտակցութենէն բոլորովին զուրկ լրագիրներ, երբեմն՝ աղմուկ ստեղծելով ընթերցողներու թիւ բազմացնելու, երբեմն՝ ուղղորդուած սուրիահայ համայնքը նսեմացնելու, առանց գաղափար անգամ ունենալու, թէ սուրիահայերը տագնապի ամենածանր պայմաններուն մէջ իսկ ինչպէ՛ս բարձր պահած են իրենց արժանապատուութիւնը, շարունակած են վայելել երկրի բնակչութեան բոլոր բաղադրիչներուն յարգանքը եւ իրարու նկատմամբ վստահութիւնը, ցաւ ի սիրտ, գռեհկութեան մակարդակով ոչ միայն ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն, այլեւ ամէն ջանք կը թափեն՝ հալէպահայութեան ցաւը շահագործելով համայնքի տապալումին նպաստելու, օգտագործելով յատկապէս Միջին Արեւելքի թոհուբոհի ականատեսները եղող սուրիահայերուս յայտնի միջոցներ, զորս թուելով մեծ գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար այստեղ.
1- Հանրութեան մօտ՝ իր ղեկա-վարներուն նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծել.
2- Մարդոց տնտեսական ծանր վիճակը օգտագործելով՝ տեւաբար ակնկալողի ու իբրեւ թէ այդ ակնկալութիւններուն համապատասխան օգնութիւնները չստացողի խեղճացած ու անիրաւուած վիճակին մէջ ներկայանալ.
3- Մեր մամուլին մէջ իսկ զետեղուած պատկերները օգտագործելով՝ իրականութիւնները շրջուած ներկայացնել, այս անգամ՝ ոչ միայն հալէպահայութեան, այլեւ ո՛ղջ հայաշխարհի հանրային կարծիքը այնպէս մը շեղելով, որ նպաստներն անգամ անիմաստ ու անօգուտ թուին ու դադրին։
ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում