Պոլսոյ հայ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչներու կողմէ հրապարակուող ermenikulturu.com (հայկական մշակոյթ) կայքը բարձրաձայնած է Թուրքիոյ հայ երիտասարդներուն ամենամեծ խնդիրներէն մէկը` մայրենի լեզուի չիմացութեան հարցը:
Կայքը նշած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի «վերջին հայերը» համարուող իրենց ծնողները, որոնք Սթամպուլ տեղափոխուած են 1940-50ական թուականներուն, Ցեղասպանութենէն ետք հնարաւորութիւն չեն ունեցած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հայալեզու կրթութիւն ստանալու, մինչդեռ այժմ Սթամպուլի մէջ մեծցող հայ երիտասարդները ունին հնարաւորութիւն յաճախելու հայկական համայնքային վարժարաններ:
Թերթ.ամ-ի փոխանցմամբ` կայքին հեղինակները Թուրքիոյ հայ երիտասարդութեան մէջ հայերէնի թոյլ իմացութեան ամենամեծ պատճառը կը համարեն Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կիրառուող խտրական քաղաքականութիւնը, որ ունի երկար տարիներու պատմութիւն: Թերեւս ամենայիշուողն ու դաժանը «քաղաքացի, թրքերէն խօսիր» շարժումն էր, որ կ՛ուղեկցուէր թրքերէն չխօսող ոչ թուրք բնակչութեան հանդէպ բռնաճնշումներով:
Յօդուածին մէջ իբրեւ խոչընդոտ կը նշուի նաեւ հայալեզու աղբիւրներու սակաւութիւնը, մեծ քաղաքին մէջ ապրող եւ աշխատող մադոց մօտ յաճախակի հանդիպող ժամանակի սղութեան խնդիրն ու շարք մը այլ հարցեր:
Կարդացեք նաև
Սակայն կայքին անձնակազմը չէ սահմանափակուած այս խնդիրները մատնանշելով, այլեւ առաջարկած է բոլոր այս հարցերու պատասխանները ու մատնանշած հայերէն լեզուի դասընթացներու, հայկական թերթեր եւ գիրքեր վաճառող կրպակներու վայրերը, ինչպէս նաեւ կոչ ըրած հայ երիտասարդներուն հետեւելու հայկական էջերուն Դիմատետրի, Ինսթակրամի եւ Թուիթըրի միջոցով:
Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ 16 հայկական վարժարան, որոնցմէ 13-ը մասնաւոր են, 3-ը կը համարուին համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը: Այս դպրոցներուն մէջ կրնան յաճախել միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն` երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն: Ըստ Լոզանի պայմանագրին`կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելու շնորհիւ հայերը իրաւունք ստացած սորվելու իրենց մայրենին, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզներն ու լազերը:
Թուրքիոյ հայկական վարժարաններուն մեծ մասը կը գոյատեւէ համայնքի տարբեր բարերարներու նուիրատուութիւններու հաշւոյն, ատոր հետ զուգահեռ` դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը ամէն տարի կը նուազի, որ կապուած է թէ՛ Կ. Պոլսոյ հայ համայնքի արտագաղթին, թէ՛ վարժարաններու ուսման բարձր վարձավճարներու հետ (Պոլսոյ հայկական վարժարաններու ուսման վարձերը կը կազմեն տարեկան միջինը 3000 տոլար):