Ամրան արձակուրդի ճամբորդութենէս ետք, Հալէպի իրավիճակին անգամ մը եւս համակերպիլը թէեւ դժուար էր, բայց այդ մէկը ըսել չէ թէ պէտք է յանձնուիլ եւ մոռնալ անհատական սկզբունքներն ու համոզումները:
Վերադարձէս անմիջապէս ետք, տագնապները ձեռք-ձեռքի տուած ու կուտակուած վրաս յարձակեցան` կարծես նախապէս ծրագրած ըլլային: Ջուրը մէկ օր ետք ցամքեցաւ, պայթիւնները մէկ շաբաթ ետք սաստկացան, իսկ ելեկտրականութեան հոսանքին նիւթը ընելն անգամ այս օրերուն անիմաստ է: Համալսարանի վերամուտը, թէեւ չարչարանքի սկիզբն է, բայց եւ այնպէս մխիթարանք է` նուազագոյնը վայելելու ընկերային նոր շրջանակ մը, որուն հետ քառամեակ մը պիտի համակերպիմ` մինչեւ աւարտելս:
Քրիստ Խրոյեան
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Գանձասար» թերթի այսօրվա համարում