Վերջերս հայկական կայքի մը մէջ լուր մը կարդացի, որ կը վերաբերէր Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ներս քննարկումի մը, ուր տուեալ երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութին բաներ մը ըսած է ՀՀ նախագահի հասցէին: Անհաւանական չէ, որ Փութին կրնայ արտայայտած ըլլայ այդ միտքերը, կարեւորը այդ չէ: Կարեւորը այն է, որ «լրատուութիւնը» կը սկսի հետեւեալ բառերով. «Ասում են թէ…»: Այլեւս կրնաք երեւակայել, թէ ինչքան հաւաստի կրնայ ըլլալ հաղորդում մը, որ կը սկսի «ասում են թէ»ով: Հեքիաթներն են, որոնք կը սկսին «ասում են թէ»ով, կամ… բանջարավաճառին խանութին մէջ կայացած զրոյցները յաճախորդներուն միջեւ:
Կարելի չէ կարդալ լրատուութիւն մը, որ կը սկսի «ասում են թէ»ով: Խոստովանիմ, որ այս յօդուածագիրը ծայրէ ծայր կարդաց լուրը… ոչ թէ հրապարակագիրի բնական մղումով դրդուած, այլ որովհետեւ այդ վայրկեանին սրամտութեան մը, կուշտ ու կուռ խնդալու կարիքը կը զգար: Բայց երեւոյթը ոչ միայն խնդալիք չէ, այլ նոյնիսկ վտանգաւոր է: Որովհետեւ շատ յաճախ կ՛ընդգրէ հայկական զգայուն բնագաւառներ, ուր ոչ միայն լրագրողական նրբանկատութիւնը, այլ նաեւ քաղաքական զգուշաւորութիւնն են խնդրոյ առարկայ:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում
Կարդացեք նաև