Րոպէ առաջ պէտք է իրագործուին բարեփոխումները. այսպէս կը սկսի Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրի նախաբանը: Բարեփոխումներ, զորս իրականացնելու գործին պիտի ներգրաւուի եւ օգտագործուի «Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ ներուժը»:
Ծրագիրը կը հաստատէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին «գերագոյն արժէք է», եւ որ կառավարութիւնը պարտի ապահովել անոր պաշտպանուածութիւնը, արժանապատուութիւնը, կենսամակարդակի բարձրացումը, արդար հասարակութեան մէջ ապրիլը եւ ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւնը:
Անվիճելի այս գաղափարները տարբեր ձեւակերպումներով հրամցուած են մեր ժողովուրդին՝ նախկին կառավարութիւններուն կողմէ: Ի՞նչ է այս ծրագիրին իւրայատկութիւնը, որուն համար կ՛արժէ հաւանաբար չզլանալ անոր սատարումը:
Կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ զարգացման սովորական մօտեցումները չեն կրնար ձեւաւորել առաջընթացի այն թափը, որ համահունչ է Հայաստանի առաջ ծառացած մարտահրաւէրներուն:
Անսովոր մօտեցումներուն կողքին, կառավարութիւնը հացի ու ջուրի պէս կարիքը պիտի ունենայ ժողովուրդի վստահութեան եւ նեցուկին:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում