Լրահոս
Ալիեւը «շիրա էր տալիս»
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի մէջ ալ կարելի Է աշխատիլ եւ ապրիլ

Հոկտեմբեր 20,2016 10:17

Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կը գրէ.
Զրոյց՝ արտագաղթը Հայաստանի մէջ խոչընդոտելու, Հայաստանի մէջ մնալու եւ աշխատելու հնարաւորութեան մասին: Հանդիպման հերոսը Գայիանէ Դաւթեանն է: Գայիանէն կ՝աշխատի սպասարկման ոլորտին մէջ եւ կը սիրէ իր աշխատանքը: Ան ամէն առաւօտ կանուխ ժպտուն դէմքով ներկայ է հոն՝ իր աշխատանքի վայրին մէջ, Երեւանի Ամիրեան փողոցի կից «Մոն Գաֆէ» սրճարանին մէջ, իր բնակած Աբովեան քաղաքէն 40 վայրկեան տեւողութեամբ ամէնօրեայ ճամբորդութենէ ետք, ճիշդ ժամուն գործի հասած: Անոր օրինակով կը փորձենք ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ ալ աշխատասիրութեամբ կարելի է գործել եւ բաւականաչափ վաստկիլ լաւ ապրելու համար:

Գեղադէմ Գայիանէի հետ մտերմիկ զրոյցիս հիմնական նպատակն է խոչընդոտել արատագաղթը եւ խրախուսել հայրենադարձութիւնը: Գայիանէի օրինակը թող ոգեշնչում ըլլայ բոլոր այն երիտասարդներուն համար, որոնք կ’ապրին հայրենիքէն հեռու եւ կ’երկմտին վերադառնա՞լ, թէ ոչ:

-Ես 25 տարեկան եմ, կ’ապրիմ Աբովեան քաղաք, մասնագիտութեամբ լրագրող եմ, բայց մասնագիտութեամբս չեմ աշխատիր, պարզապէս որոշ ժամանակ մը փորձաշրջան անցած եմ տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ: Բայց յետոյ հասկցայ, որ լրագրութիւնը ինծի այնքան ալ չի գրաւեր, եւ քանի որ գումարի կարիք ունէի՝ փորձեցի աշխատանք գտնել սպասարկաման ոլորտին մէջ:

Ցաւօք սիրտի, Աբովեան քաղաք աշխատանք գտնելը քիչ մը դժուար էր, այդ էր պատճառը, որ ընկերներուս միջոցով տեղեկացայ, որ Երեւանի Ամիրեան փողոցի վրայ գտնուող «Մոն Գաֆէ» սրճարանը մատուցողի կարիք ունի եւ արդէն մօտ երկու տարիէ ի վեր կ’աշխատիմ այստեղ: Մինչ այդ աշխատած եմ նաեւ այլ հաստատութիւններու մէջ: Սպասարկման ոլորտի մէջ առանձին փորձաշրջան չեմ անցած, փորձս ձեւաւորուած է աշխատասիրութեան եւ տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ: Ժամանակի ընթացքին սկսած եմ սիրել այս աշխատանքը: Ինծի համար հաճոյք է յաճախորդներուն ժպիտով մօտենալը եւ տեսնել անոնց փոխադարձ ժպիտները: Ճիշդ է, բացառութիւններ կամ ժպիտս սխալ թարգմանողներ միշտ ալ կ’ըլլան, բայց այս աշխատանքին մէջ սորված եմ տարբեր բնաւորութեամբ եւ դաստիարակութեամբ մարդոց հետ գործ ունենալ: Կարեւոր չէ՝ ինչ աշխատանքով փող կը վաստկիս, կարեւորը աշխատանքդ սիրելն է եւ հպարտ ըլլալ, որ կրնաս ու ունակ ես աշխատելու: Այս աշխատանքով ես կրնամ վաստկիլ այնքան, որքան ինծի բաւարար է Հայաստանի մէջ ինքնուրոյն ապրելու համար:

anoush
Նոյն սրճարանին մէջ Գայիանէն ունի նաեւ իր գործակից ընկերուհին՝ Անոյշը: Նոյնքան ազնիւ եւ ժպտերես Անոյշը 26-ամեայ երիտասարդուհի մըն է, մայր՝ երկու զաւակներու եւ Եոկայի ուսանող: Ան մասնակի ժամով կ’աշխատի նոյն վայրին մէջ հոգալու իր ուսման ծախսերը: Անոյշը յոյս ունի շուտով աւարտել եւ ունենալ Եոկայի իր սեփական դպրոցը՝ սոյն մշակոյթը ծանօթացնելու համար իր ազգակիցերուն:

Օրինակելի hայուհիներ, որոնք յոյս ներշնչեցին ինծի ի տես Հայրենիքի ապագան կերտող՝ քաղցր ժպիտով ամէն դժուարութիւն դիմակալող այս երիտասարդուհիներուն:

 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31