Ընտրութիւններու կեղծումը կարծես թէ դժուարացած է: Փաստ՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններու արդիւնքները:
Պարզ տրամաբանութեամբ, եթէ իշխանաւոր՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, բացի իր լծակներէն՝ կեղծելու այլ միջոցներ ալ ի գործ դնելու հնարաւորութիւնը ունենար, անպայմա՛ն կը դիմէր անոնց, պահպանելու համար ջախջախիչ յաղթանակներով ընտրութիւններ աւարտելու իր «համբաւ»ը:
Այդպէս չեղա՛ւ, նոյնիսկ կրեց անյարմար պարտութիւններ, որոնցմէ դուրս գալու համար չզլացաւ ճնշումի կոշտ միջոցներով աշխատելու վերջին զէնքերն իսկ զօրաշարժի դնել՝ վարկաբեկելով ի՛ր իսկ նախաձեռնած սահմանադրական փոփոխութիւններն ու ընտրական նոր օրէնսգիրքը:
Այս տգեղ իրականութեան հիմնական պատճառը՝ Հայաստանի անկախութեան քսանհինգ տարիներու ամէնէն մեծ բացթողումներէն կուսակցութիւններուն չկայացումն է: Եթէ Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու շարքերը գաղափարական կազմաւորում ունենային եւ կարենային ամուր մնալ իրենց համոզումներուն մէջ, ապա ո՛չ անցեալին, աւելի եւս՝ ո՛չ ալ հիմա, նոր սահմանադրութեամբ ու նոր ընտրական օրէնսգիրքով կարելի պիտի ըլլար կեղծել, խարդախել ընտրութեանց արդիւնքները:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում