Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ դատապարտած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի Ընդունումը։ Ան Ֆրանսայի Խորհրդարանին այս քայլը կ՚ընկալէ 2017-ի նախագահական ընտրութեան սեմին՝ քաղաքական շահադիտական նպատակներէ ծնունդ առած նախաձեռնութիւն մը, կը գըրէ «Նոր Յառաջը»:
Ան կ՚ըսէ, որ այսպէսով Ֆրանսա ցոյց տուաւ, թէ իր ներքին քաղաքական շահերը կը գերադասէ արդարադատութեան եւ համաշխարհային արժէքներուն: Ապա, ինքն իրեն հակասելով՝ ան նաեւ կ՚ըսէ, թէ հակառակ շատերու պնդումներուն, այս նոր օրէնքին մէջ «1915-ի դէպքերուն» ուղղակի ակնարկութիւն չկայ: Կը յիշեցնէ, թէ արդէն ըստ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (կ՚ակնարկէ Փերինչէքի դատավարութեան վճիռին)՝ այս հարցին արծարծումը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ խօսքի ազատութիւնը, եւ թէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը մերժելով առաջին փորձին արդիւնքը (2012-ին), յայտնած է, թէ Խորհրդարանը իրաւասու չէ նման հարցի մասին արտայայտուելու:
Պիլկիչ անդրադարձած է նաեւ քանի մը օր առաջ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Յատուկ յանձնաժողովին կողմէ՝ օրինագիծէն խնդրոյ առարկայ յօդուածներու զեղչումին, պնդելով, թէ այս նոր կարգադրութեամբ օրինագիծը ընդունուած է անտեսելով հոն հնչած մտահոգութիւնները եւ իրաւաբանականօրէն խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող տարբերակով, ինչ որ լուրջ հարցերով յղի է: