Վերջին շրջանին, հայ մամուլին մէջ «ականջ ծակող» բառ մը եղած է «խուճապ» բառը: Բոլորս գիտենք այս բառը եւ իր «շփոթ», կամ «իրարանցում» իմաստները:
Բառերու հետ որոշ յարաբերութիւն մը ունիմ եւ ժամանակի ընթացքին համոզուած եմ, որ բառերը մարդոց պէս են` շատերուն գիտենք, բայց քիչեր կը ճանչնանք: Բառ մը ճիշդ ձեւով գործածելու համար պէտք է զինք ճանչնա՛նք… Դժբախտաբար մարդոց պարագային չկայ «քաթալոկ» մը, որուն մէջ գտնենք իւրաքանչիւր անձի մանրամասնութիւնները, միայն անձնական փորձառութեամբ եւ յուսախաբութեամբ է, որ կը ճանչնանք մարդիկ: Բարեբախտաբար հայերէն բառերը ունին արմատական բառարան (փառք Աճառեանին), ուր հայերէնի բոլոր արմատները մանրամասնօրէն ստուգաբանուած են:
Բանանք Աճառեանի «Արմատական բառարան»ը: «Խուճապ» բառին տակ նախ պիտի գտնէք վերոյիշեալ իմաստները. երկու տող վար, պիտի գտնէք նաեւ այլ իմաստ մը` «ճիւաղ, ուրուական, տեսիլ» աւելի վար գրաբարով բացատրուած է, թէ հիները կը հաւատային, որ «խուճապ»ը չարագործ ուրուականներ էին, որոնք կը «լլկէին ու չարչարէին» ողջերն ու մեռելները: Նոյն բառարանին մէջ «խուճապ» բառին կը յաջորդէ «խուճել» բառը` լլկել, կամ չարչարել իմաստով:
Բառին այս իմաստը որքան կը յարմարի մամուլին մէջ յիշուած վերնագիրներուն: Այս տեսանկիւնէն դիտելով, հանգիստ կրնամ յայտարարել, որ այո՛, հալէպահայութիւնը խուճապի մատնուա՛ծ է: Իսկապէս կա՛յ չար ուժ մը, որ կը լլկէ ու կը չարչարէ հալէպահայերը` ողջ թէ մեռած… Այդ չար ուժը թերեւս ինքնին երեւելի չէ (ինչ որ կը յարմարի «ուրուական» որակումին), բայց անոր գործակատարները յստակ են բոլորին: Անոնցմէ ոմանք մեր մարմինները չեն սպաններ, բայց ողջերուն հոգիները դանդաղօրէն կը մաշեցնեն, իսկ նահատակնե՞րը… Նոյնիսկ անոնք չեն ազատիր քաշքշուքէ: Յանկարծ հոս ու հոն, օրինակ, կը կարդանք անոնց անձնական կեանքերէն մանրամասնութիւններ, ոչ թէ ի սէր անոնց կորսուած երիտասարդութեան, այլ պարզապէս այդ մանրամասնութիւնները չարաշահելով թերթ ծախելու համար: Իսկական «խուճապ»…
Այո՛ հալէպահայութիւնը մատնուա՛ծ է խուճապի, բայց ոչ թէ իրարանցումի… Ո՛չ, այդ հանգրուանը արդէն երեք տարիներ առաջ ապրեցանք, երբ «ազնիւ յեղափոխականները» հասան գրեթէ Նոր Գիւղ եւ մարդիկ տունի զգեստներով ստիպուեցան փախչելու… Տարօրինակ… Ինչու՞ այդ օրերուն չկարդացինք «Հալէպահայութիւնը խուճապի մատնուած է»… Թերեւս այդ օրերուն ապրեցանք շփոթ, վախ, իրարանցում, բայց չկային այսօրուան «խուճապ»ները:
Ապրեցանք վտանգ, պաշարում, սառ ձմեռներ ու չոր ամառներ, անօթութիւն, կորսնցուցիք մեր երիտասարդութիւնը, մեր ծրագիրները, վարդագոյն ապագան… Աստուծոյ սիրոյն, հայրենակիցնե՛ր, դուք ալ մի՛ խուճէք հալէպահայը: