«Գանձասար».- Հալէպահայ համայնքէն ներս արձանագրուած վերջին նահատակներու գոյժինազդեցութեան տակ, զանգուածային լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրին Հալէպէններս խուճապի ստեղծման մասին լուրեր: Ձեր դիտանկիւնէն այս օրերուն ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ Հալէպի մէջ:
Ժիրայր Րէիսեան.- Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի դէպքերու սկզբնական տարիներուն Հալէպը եւ հալէպցիք շատ աւելի ծանր օրեր ապրեցան, երբ շատեր նոյնիսկ ստիպուեցան իրենց տուներէն դուրս գալ յաջորդական եւ մեծաթիւ հրթիռակոծումներուն ընդառաջ. անոնց ժամանակաւորապէս տրամադրուեցան ազգային կարգ մը հաստատութիւններու գետնայարկերը, որպէս առաւել ապահով ապաստաններ: Այսպիսի ծանր օրեր ապրեցաւ օրինակ Նոր Գիւղի բնակչութիւնը:
Փառք Աստուծոյ, այսօր պատկերը այդպէս չէ: Այս չի նշանակեր սակայն, որ քաղաքը վերագտած է իր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: Հրթիռակոծումներ ու պայթիւններ կրկին տեղի կ՛ունենան երբեմն նուազ, երբեմն աւելի մեծ թիւով, յաճախ պատճառ դառնալով մարդկային թէ նիւթական վնասներու, երբեմն` զոհերու: Անցնող օրերուն ցաւօք զոհուեցան մեր 8 հայրենակիցները: Ճիշդ է իւրաքանչիւր զարկ, թէ պայթիւն կը ցնցէ յատկապէս նահատակներ, զոհեր տուող մեր հայրենակիցները, հոգեպէս կ՛ընկճէ բնակչութիւնը, սակայն արդեօ՞ք այս մէկը կարելի է հաւաքական խուճապ նկատել եւ փոթորկեցնել աշխարհասփիւռ հայորդիներու զգացումներն ու ահազանգ հնչեցնել հայկական լրատուադաշտին մէջ: Ինծի զարմանալի կը թուին այս տարաձայնութիւնները եւ պահ մը մտածել կուտան, թէ արդեօ՛ք կան այդ բոլորին ետին այլ նպատակ հետապնդողներ: Այս մէկը կը ձգեմ ընթերցողներուն եւ այս բոլորը լսողներուն դատողութեան:
«Գ.»- Կարգ մը լրատուամիջոցներ կ՛ենթադրեն, թէ Հալէպէն դուրս ելլել ուզող հայորդիներունդիմաց անուղղակի արգելքներ կը դրուին: Ի՞նչն է նման ենթադրութիւններու տուն տուող պատճառը:
Ժ.Ր.- Ո՛չ մէկ արգելք եղած է ազգային կամ պետական պաշտօնական կողմերէն ոեւէ մէկուն նկատմամբ, որ ուզած է ճամբորդել, տեղաշարժիլ, դուրս գալ քաղաքէն կամ երկրէն: Փաստը զանազան ճամբորդողները, դուրս եկողներն են, որոնք առանց դժուարութեան, առանց արգելքի, օրինաւոր կերպով կը ճամբորդեն, կ՛երթեւեկեն, դուրս կու գան կամ կը վերադառնան: Հետեւաբար ճիշդ չէ ու կարելի չէ խօսիլ արգելքի մասին: Կրկին կ՛ենթադրեմ, որ նման տարաձայնութիւն վերը յիշուած, ինծի համար անհասկնալի նպատակներու շարունակութիւնն է:
«Գ.»- Գոյութիւն ունի՞ն մեծաթիւ ընտանեկան պարագաներ, որոնք կ՛ուզեն տեղափոխուիլ Հայաստան, սակայն նիւթական դժուարութեան համար չեն մեկնիր:
Ժ.Ր.- Նախ ես իրաւունք չունիմ մարդոց կողմէ արտայայտուելու եւ ըսելու, թէ անոնք ո՛ւր կ՛ուզեն ուղղուիլ` Հայաստա՞ն թէ այլուր, սակայն ոեւէ մէկը որ պիտի մեկնի բնականաբար իր նիւթական կարելիութիւնները ինք պիտի սերտէ. եթէ անպայման ծրագրած է մեկնիլ եւ նիւթական դժուարութիւններու դիմաց է, բնականաբար կրնայ ունենալ իրեն օգնողներ եւս: Այնպէս որ ես չեմ կարծեր, որ նիւթական հարցն է հիմնական արգելքը, սակայն մեկնելէն ետք կեանքը արժանապատիւ կերպով շարունակելու հարցը եւս կը մտահոգէ այսպիսիները:
«Գ.»- Հալէպի հայ համայնքի կառոյցները կը գործեն մինչեւ օրս: Ձեր կարծիքով սուրիահայ համայնքի գոյութիւնը ընդհանրապէս եւ հալէպահայ համայնքինը մասնաւորապէս ինչպիսի՞ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Ժ.Ր.- Անկասկած որ հայութիւնը անբաժան մէկ մասնիկն է Սուրիոյ ժողովրդի խճանկարին, ոչ միայն այսօր այլ ողջ պատմութեան ընթացքին: Հայութիւնը ոչ միայն յետեղեռնեան օրերու ներկայութիւն է այս երկրէն ներս, այլ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող պատմութիւն ունի, սկսած հայ վաճառականներու տարածաշրջան երթեւեկութեան օրերէն: Այս իրականութեան խօսուն փաստն է Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին` իր դարաւոր ներկայութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանը, որ հաստատուած է տասնըհինգերորդ դարէն, հոգետունը, որուն պատմութիւնը կ՛երկարի մինչեւ տասերորդ դար: Հետեւաբար հայութիւնը այս երկրէն ներս դարարմատ ներկայութիւն ունի եւ կարեւոր մէկ բաղկացուցիչն է Սուրիոյ ժողովուրդի խճանկարին: Այսօր անոր բացակայութեամբ այդ խճանկարէն բաժին մը կը պոկուի: Այստեղ ապրող իւրաքանչիւր հայ նոյնացած է այս երկրի սովորութիւններուն, բարքերուն, կեանքի բոլոր աւանդոյթներուն հետ: Փաստը այն է, որ մեկնողներ տակաւին կ՛երազեն Հալէպը, տակաւին կը հարցնեն Հալէպի մասին, նոյնիսկ Հալէպէն դուրս հասակ առած, հալէպցի ծնողներու սերունդներ իրենց ծնողներէն լսածներուն մասին կը հարցնեն Հալէպ ապրող իրենց հարազատներուն: Սա կը նշանակէ, որ այդ հոգեկան կապը կայ եւ երկար պիտի մնայ տակաւին: Առկախ այն իրողութենէն, թէ սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս ի՛նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ որպէս համայնք` թէ՛ այս երկրին, թէ՛ Սփիւռքին, եւ թէ Հայաստանին համար: