Հոկտեմբեր 7-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան Գանատայի ազգային առաջնորդարանէնն ներս հարցազրոյց մը ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառին հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցը։
Հ.- 2015-ի Ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացաւ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Այսօրուան դրութեամբ, ո՞ւր հասած է այս գործընթացը։
Վ.Հ.- Ամէն բանէ առաջ կ’ուզեմ ըսել, որ այս դատը սոսկ կրօնական դատ մը չէ՝ եկեղեցական կալուածի մը վերադարձը, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կապուած դատ մը չէ, այս դատը ես կը նկատեմ մեր ժողովուրդին դատը, եւ սա Թուրքիոյ դէմ առնուած առաջին իրաւական քայլն է հարիւր տարի ետք: Հարիւր տարի մեր Հայ Դատի մարմինները հսկայ աշխատանք տարին ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, այս աշխատանքները պէտք է շարունակուին վերանորոգ թափով, սակայն այս աշխատանքներուն զուգահեռ մենք պէտք է քաջութիւնը ունենանք մուտք գործելու իրաւական դաշտէն ներս, ահաւասիկ այս դատը առաջին քայլն է այդ ուղղութեամբ առնուած: Սակայն պատահական կերպով մենք այս քայլին չդիմեցինք, շուրջ երեք տարի առաջ, ինչպէս գիտէք, միջազգային համագումար մը կազմակերպեցինք, մասնակցութեամբ միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան օտար մասնագէտներու եւ դատաւորներու:
Համագումարին ընդհանուր վերնագիրն էր «Ճանաչումէ դէպի հատուցում»: Ես համագումարին ընթացքին հարցը հետեւեալ ձեւով դրի. միջազգային օրէնքը այս ուղղութեամբ յստակ տուեալներ ունի, թէ ճանաչում կ’ենթադրէ հատուցում, այս երկուքը իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են: Բայց նաեւ միջազգային օրէնքը այլ տրամադրութիւններ ունի, թէ՛ ցեղասպանութեան առնչուած եւ թէ՛ հատուցման: Հետեւաբար դուք, որպէս մասնագէտներ, ի՞նչ կ’ըսէք այս ուղղութեամբ, մենք նման իրաւական քայլի պէ՞տք է դիմենք, ի՞նչ են դրական կամ բացասական տրամադրութիւնները կամ տուեալները այս ուղղութեամբ: Համագումարին մօտեցումը քիչ մը երկդիմի էր, որովհետեւ երբ միջազգային օրէնքը լաւապէս ուսումնասիրէք, կը տեսնէք, որ որոշ տեղեր որոշ տրամադրութիւններ նպաստաւոր են մեր դատին, որոշ տրամադրութիւններ՝ ոչ, սակայն չմոռնանք, որ մեր դատը, ըստ ձեւի իրաւական դատ մըն է, սակայն ըստ էութեան՝ քաղաքական: Այս մէկը Թուրքիան շատ լաւ գիտէ, ցեղասպանագէտներն ալ շատ լաւ գիտեն, հետեւաբար ըստ էութեան քաղաքական դատ ըլլալով կրնայ մեր գործընթացը դժուարացնել: Ամէն պարագայի, մենք այս հարցը ուսումնասիրեցինք այս համագումարին ընթացքին, եւ ես առիթը ունեցայ համագումարին առընթեր միջազգային օրէնքի մասնագէտներուն եւ դատաւորներուն հետ առանձին տեսնուիլ: Այս բոլոր հանդիպումները, քննարկումները զիս մղեցին այն համոզման, որ հակառակ կարգ մը բացասական տուեալներուն՝ մենք պէտք է հարիւր տարի ետք այլեւս նման քայլի մը դիմենք:
Ես անձնապէս համոզուեցայ, իմ մտածումս բաժնեցի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, Հայ Դատին առնչուած անձերու եւ մարմիններու հետ եւ ընդհանուր մօտեցումը դրական էր: Այդ բոլորին լոյսին տակ յանձնախումբ մը կազմեցինք օտար՝ թուրք, անգլիացի եւ եւրոպացի փաստաբաններէ կազմուած, որոնց հետ ալ խորհրդակցութիւններ ունեցանք:
Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին՝ 2013-2014, մենք տասը հանդիպումներ ունեցանք Ժընեւի եւ Անթիլիասի մէջ՝ հեռու լուսարձակներէ: Ուրեմն մեր հարցը այնքան ալ դիւրին հարց չէ, եւ անհրաժեշտ փաստաթուղթեր չունինք, նուազագոյնը Կաթողիկոսարանին սեփականութեան փաստաթուղթը չունինք: Մենք հարցին զանազան երեսները քննարկեցինք եւ 2015-ի Ապրիլին դիմեցինք Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, հոն եւս տեսանք, որ ճիշդ է մեր առած քայլը ուղղակի Սահմանադրական դատարան դիմելով, փոխանակ նախադատ ատեաններէն սկսելու, որովհետեւ մեր մտավախութիւնը այն էր, որ նախադատ ատեաններու շրջագիծէն ներս կրնայ երկարաձգուիլ մեր դատը, եւ նաեւ իրաւական որոշ տուեալներ կային, համաձայն թրքական օրէնքներու, որոնք կրնային ի նպաստ մեզի ըլլալ, ուղղակի դիմելու համար Սահմանադրական դատարան: Երբ Սահմանադրական դատարան դիմեցինք, մեզի համար անակնկալ էր, որ պատասխանը եկաւ արագ եւ վճռական: Ապա բացայայտուեցաւ, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահը Արդարութեան նախարարին դիմած է, անոր կարծիքը առնելու համար: Բոլոր պետութիւններուն մէջ երեք կառոյցները՝ Օրէնսդրական, Գործադիր եւ Դատական անկախ են: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ Սահմանադրական դատական ատեան մը Արդարութեան նախարարութեան կը դիմէ, ուրեմն իրենք յստակ կերպով գիտեն, որ ասիկա քաղաքական հարց է, այլ խօսքով պետութեան կարծիքը կ’ուզեն ունենալ: Հիմա պետութեան կարծիքը մեզի եկաւ Արդարութեան նախարարութեան կողմէ, դարձեալ մենք պատասխանեցինք երկար քննարկումներէ ետք: Ահա մենք կը գտնուինք այս հանգրուանին:
Սկիզբէն մեր նպատակը այն էր, որ մենք վերջ ի վերջոյ պիտի դիմենք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան, որովհետեւ քաջ գիտէինք, թէ Թուրքիոյ պատասխանը ի նպաստ մեզի պիտի չըլլար: Եւրոպական դատարան դիմելու հեռանկարով մեր դատին թղթածրարը պատրաստուեցաւ:
Այդ թղթածրարը պատրաստելը դիւրին չեղաւ, շուրջ չորս հարիւր էջնոց թղթածրար մըն է: Պատմական, իրաւական, օրէնսդրական, կրօնական բոլոր երեսները քննարկուեցան, Լոզանի դաշնագիրը, յատկապէս փոքրամասնութիւններուն առնչուած բաժինը, այս բոլորը քննարկուեցան, եւ մենք յատուկ կերպով ուզեցինք, որ թուրք փաստաբաններ, միջազգային եւ թրքական օրէնքի մասնագէտներ եւ պատմաբաններ իրենք պատրաստեն, որով հայու կողմէ նման բան պատրաստելը կրնայ միակողմանի ըլլալ, այս մէկը բաւական ժամանակ առաւ եւ բաւական ալ ծախսալից եղաւ:
Երեւակայեցէք թրքերէնով կը պատրաստուի անգլերէնի կը թարգմանուի եւ ետ թրքերէնի կը թարգմանուի: Հիմա մենք կը գտնուինք այս հանգրուանին մէջ: Քանի մը օր առաջ այստեղ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցանք գլխաւոր փաստաբանի մը հետ, որ ՄգԿիլ համալսարանի փրոֆեսէօր է եւ շատ յարգուած անձնաւորութիւն է, հանդիպումին ներկայ էր Կեդրոնական վարչութեան անդամ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ նաեւ Հայ Դատին առնչուած հարցերու պատասխանատու է: Իւրաքանչիւր քայլ որ կ’առնենք, ապա յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք, որպէսզի յայտնաբերենք, թէ ի՛նչ թերութիւններ եղան, ի՛նչ հիմնաւորումներ կրնան ունենալ արդիւնքները, որպէսզի անոր լոյսին տակ ճշդենք մեր յառաջիկայ քայլը: Հոկտեմբեր 21-ին մենք դարձեալ հանդիպում մը պիտի ունենաք Ժընեւի մէջ:
Հանդիպումին ներկայ պիտի ըլլան յանձնախումբի բոլոր անդամները, այսինքն մեր կողմէն որպէս հայեր, Վահէ Եագուպեանը հրաւիրած եմ, Կիրօ Մանոյեանը (առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին), դոկտ. Նորա Պայրաքտարեանը, որ միջազգային օրէնքի փրոֆեսէօր է երեք համալսարաններու մէջ Լիբանան, Թէնի Սիմոնեան, որ Ուէպսթըր համալսարանին մէջ փրոֆեսէօր է Ժընեւ եւ ինքն է համակարգողը այս բոլորին, որովհետեւ բոլոր մեր հանդիպումները Ժընեւի մէջ տեղի կ’ունենան, Փայլանըներկայ պիտի ըլլայ, թուրք փաստաբանը, ուրիշ թուրք փրոֆեսէօր մը եւ անգլիացի փաստաբանը, որ ինք պիտի դիմէ եւրոպական դատարան, որովհետեւ ամէն փաստաբան չի կրնար եւրոպական դատարան դիմել, ուրեմն ահաւասիկ մօտաւորապէս տասը հոգինոց յանձնախումբ մը աշխատանքային հանդիպում մը պիտի ունենայ Ժընեւի մէջ, եւ հոն է, որ մենք պիտի ճշդենք, թէ ի՛նչ հիմնաւորումներով Եւրոպական դատարան պիտի դիմենք, այդ աշխատանքը արդէն իսկ կատարուած է: Տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Եւրոպական դատարանի մօտեցումը
Հ.- Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, դուք եղած էք առաջնորդ հովիւը լիբանանահայութեան եւ ղեկավարը հանդիսացած էք համայնքին։ Ունիք պատերազմի փորձառութիւնը։ Այսօր պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Հալէպի հայութիւնը տագնապի մէջ է։ Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք կացութիւնը։
Վ.Հ.- Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը տագնապալից եղած է ընդհանրապէս, փոթորկալից պատմութիւն մը, եւ այդ տագնապներուն մէջ, այդ փոթորիկներուն դիմաց մենք նախ կամքը եւ հաւատքը ունեցած ենք մեր կեանքը վերակազմաւորելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային որոշ քայլերու դիմելու: Միջին Արեւելքի մէջ մենք դժուարութիւններ ունեցած ենք, յիշեցիք Լիբանանը, Լիբանանի տագնապը շատ աւելի երկար էր, շատ աւելի բարդ եւ ահաւոր էր՝ զինուորական, մարդկային վնասներու, զոհերու, քանդումներու իմաստով, քան թէ ինչ որ կը պատահի Սուրիոյ մէջ, յարաբերաբար նաեւ մեր գաղութին: Մենք առաջին իսկ օրը այս տագնապին խորհրդակցաբար Սուրիոյ մեր պատասխանատուներուն հետ հաւաքական կեցուածք մը կամ քաղաքականութիւն մը որդեգրեցինք, թէ մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ ենք, վարչակարգերը կու գան ու կ’երթան, մնայուն չեն, մնայունը ժողովուրդն է, իր հայրենիքով, իր իրաւունքներով, իր ինքնորոշմամբ, եւ մենք ըսինք, որ միշտ երախտապարտ կը մնանք սուրիացի ժողովուրդին, որովհետեւ ջարդերէն ետք Տէր Զօր երբ հասանք, այս ժողովուրդը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, մեզ ընդունեց իր երկրէն ներս, երախտապարտ ենք եւ այդպէս ալ պիտի մնանք:
Մենք ամէն գնով սուրիական մեր համայնքը պիտի պահենք, պիտի վերականգնենք, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ մեր ներկայութիւնը ամէն իմաստով, Միջին Արեւելքէն ներս մեր ներկայութեան իմաստով, որպէս հայրենամերձ գաղութ, Հայաստանի հզօրացման շրջագիծէն ներս, հայութիւն-իսլամութիւն կամ հայութիւն-արաբական աշխարհ յարաբերութեան ծիրէն ներս, Հայ Դատի շրջագիծէն ներս, ամէն իմաստով, Սուրիոյ մեր պատմական գաղութին պահպանումը մեզի համար հրամայական է: Այս բոլորին դիմաց, դժբախտաբար, երբեմն կացութիւններ կը ստեղծուին եւ ստեղծուեցան, եւ այդ կացութիւններուն դիմաց երբեմն կրնայ ըլլալ, որ մեր սկզբունքային մօտեցումները քիչ մը խախտին կամ վերատեսութեան ենթարկուին: Հակառակ այս բոլորին՝ մենք կառչած կը մնանք Սուրիոյ մեր գաղութին վերականգնումի աշխատանքներուն: Ճիշդ է, մենք դժուարութիւններ ունեցանք, այսօր փաստօրէն Հալէպի հայութեան մէկ կարեւոր բաժինը հեռացած է Հալէպէն, մէկ մասը Քեսապ է, մէկ մասը Լաթաքիա, նոր գաղութ մը սկսած է կազմաւորուիլ արդէն Թարթուսի մէջ, ոմանք Լիբանան են, ոմանք Հայաստան, ոմանք ալ Հայաստանի կամ Լիբանանի ճամբով եկած են Գանատա:
Ինչպէս ըսինք, երբեմն մարդկային տուեալներ, անմիջական կացութիւններ, ընտանիքներուն կապուած դժուարութիւններ շատ աւելի զօրեղ կ’ըլլան, ճնշիչ կ’ըլլան, քան թէ մեր սկզբունքները: Ես կը հասկնամ այս մէկը, ես ոչ մէկ ձեւով կ’այպանեմ կամ կը քննադատեմ հեռացողները, սակայն այդ չի նշանակեր, որ մենք մեր գաղութը պիտի քանդենք, ընդհակառակը, ամէն գնով Սուրիոյ մեր գաղութը պիտի պահենք, պիտի պաշտպանենք, պիտի վերականգնենք: Նոյնը պատահեցաւ Լիբանանի դէպքերուն ընթացքին, ոմանք հեռացան Լիբանանէն, սակայն այսօր Լիբանանի գաղութը կայ, մենք հեռացողներով մտահոգ ենք, կը զգանք իրենց դժուարութիւնները, սակայն միաժամանակ մնացողներով հպարտ ենք, մենք յանձնառու ենք Սուրիոյ գաղութը վերակազմաւորելու աշխատանքին, փաստօրէն հիմնական հարցը Հալէպն է, միւս շրջանները ճիշդ է մանր մունր վնասներ կրեցին, բայց ամէնէն շատ վնասի ենթարկուող շրջանը եղաւ Հալէպը:
Ես կ’ուզեմ այստեղ փակագիծ մը բանալ հետեւեալը ըսելու համար. Հալէպի հարցի գծով շրջանային եւ միջազգային ուժերը այնքան ալ մտահոգ չէին քրիստոնէական ներկայութեան գծով, սակայն այսօր թէ՛ Ամերիկան, թէ՛ մանաւանդ Ռուսիան, Ֆրանսան եւ մեծ պետութիւնները մտահոգ են եւ կ’ուզեն, որ քրիստոնէութիւնը այդտեղ մնայ եւ կազմաւորուի: Ես յստակ պատճառներ ունիմ այսպէս մտածելու, չորս առիթներով ես տեսնուած եմ ՄԱԿ-ի սուրիական հարցի ներկայացուցիչ Տիմիսթուրային հետ, վերջին անգամ հոս գալէ առաջ տեսնուեցանք Ժընեւի մէջ, իրենց առաջարկով ես տեսնուած եմ Սուրիոյ քաղաքական բանակցութեանց պատասխանատու անձին հետ, Տիմիսթրօնբանագնացն է, սակայն քաղաքաիրաւական ճարտարապետը սուրիական հարցին, բանակցութիւնները կազմակերպողը ՄԱԿ-ի ենթաքարտուղարներէն մէկն է, իր առաջարկով ես իր հետ տեսնուած եմ Ժընեւի մէջ, երկրորդ անգամ յատուկ կերպով ինք եկած էր Անթիլիաս ինծի հետ տեսնուելու, իրենց մօտեցումը այն է, որ անմիջապէս, երբ կռիւները դադրին, քաղաքական բանակցութիւնները սկսին Ժընեւի մէջ, եւ այդ ծիրէն ներս իրենք կ’ուզեն, որ քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայացուցիչները գործօն մասնակցութիւն բերեն, որպէսզի իրենք, որպէս անբաժան մասը սուրիական ժողովուրդին, կարեւոր դերկատարութիւնը ունենան վաղուան Սուրիոյ մէջ:
Մեկնելով այս սպասումէն ինք առաջարկեց, որ ես նախաձեռնողը ըլլամ այս աշխատանքին եւ քրիստոնեայ միւս համայնքներուն հետ խորհրդակցաբար ծրագիր մը պատրաստեմ: Իրականութիւնը ըսելու համար ես թէ՛ գնահատեցի իրենց մօտեցումն ու վստահութիւնը եւ թէ՛ որոշ վերապահութեամբ մօտեցայ, որովհետեւ չեմ ուզեր, որ Արաբական աշխարհի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչը հայ մը ըլլայ, գիտէք, զգայնութիւն կրնայ յառաջացնել այս մէկը, սակայն ես իմ տեսակէտս պարզեցի, եւ հակառակ այն իրողութեան, որ միւս քրիստոնեայ պատասխանատուներն ալ ուզեցին, որ ես ըլլամ նախաձեռնողը՝ մերժեցի, բայց անուղղակիօրէն իմ աշխատանքի պատկերացումս պատրաստեցի եւ իրենց փոխանցեցի:
Այս բոլորը կ’ըսեմ շեշտելու համար, որ այս աշխատանքը կը շարունակուի, որ յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի քրիստոնէական ներկայութեան Սուրիոյ մէջ, եւ այդ քրիստոնէական ներկայութեան ծիրէն ներս մեր համայնքը երեք գլխաւոր համայնքներէն մէկն է՝ յոյն օրթոտոքս, ասորի օրթոտոքս եւ մեր համայնքը, հետեւաբար մեր ներկայութիւնը, քաղաքական իմաստով, Սուրիոյ մէջ շատ կարեւոր է: Այս է մեր մօտեցումը եւ առանձին մտերմական խօսակցութեան ընթացքին որոշ տուեալներ տուաւ ինծի, որոնք դրական են ապագայի հաշւոյն եւ մեր մասնակցութեան հաշւոյն, այստեղ չեմ կրնար մանրամասնութիւններուն երթալ, սակայն կարեւորութեամբ կը շեշտեմ դարձեալ, որ Սուրիոյ մէջ մեր համայնքին պահպանումը, վերակազմակերպումը շատ կարեւոր է, թէ՛ մեզի համար եւ թէ՛ որոշ իմաստով չափաւորական իսլամներուն համար:
Հետեւաբար մենք այս մօտեցումով պէտք է շարունակենք մեր զօրակցութիւնը սուրիահայութեան, եւ ես այս առիթը օգտագործելով կ’ուզեմ իմ յատուկ գնահատանքս յայտնել Գանատայի հայութեան բոլոր մարմիններուն, որոնք անցնող տարիներուն ընթացքին զանազան ձեւերով, յատկապէս դրամական հաւաքներ կազմակերպելով, օժանդակեցին Սուրիոյ հայութեան, նաեւ այստեղ կ’ուզեմ ըսել, որ մենք առանձին հաշիւ մը բացած ենք սուրիահայութեան օգնութեան, եւ մեզի փոխանցուած գումարները հանգրուանային կերպով եւ համաձայն իրենց կարիքին կը փոխանցենք: Սուրիոյ մէջ բոլոր համայնքներուն, բոլոր կուսակցութիւններուն եւ բարեսիրական միութիւններուն մասնակցութեամբ միացեալ շտապ օգնութեան մարմին մը կազմուած է, որուն կը փոխանցուին գումարները: Լիբանանէն այդտեղ գումար փոխանցելն ալ շատ դժուար է, արգիլուած է, դրամատուներ դադրած են աշխատանքէ, հետեւաբար Առաջնորդ Սրբազանը պարբերաբար ինք անձամբ կու գայ եւ կը տանի այդ գումարները: Կարիքներու առաջնահերթութեան կարգ մը ճշդուած է. ընտանիքներուն ուտեստեղէն կը տրուի, դպրոցներուն կ’օժանդակեն, շատ քիչ կը տրուի քանդումներուն, անհրաժեշտութեան պարագային միայն, հետեւաբար այդ առաջնահերթութեան կարգը ըստ իրենց կարիքներուն իրենք կը ճշդեն, եւ մեր գումարները պարբերաբար կը փոխանցուին իրենց:
Ուրեմն այս ընթացքը մենք պիտի շարունակենք եւ այս առիթով իմ գնահատանքիս առընթեր նաեւ կ’ուզեմ յայտնել, որ կարիքները բազմազան են եւ այլազան, եւ մենք պէտք է շարունակենք մեր զօրակցութիւնը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն, որովհետեւ առաջին իսկ օրը ըսած ենք, որ Սուրիոյ հայութեան հարցը եւ վերականգնումը համազգային-համահայկական հարց է, նկատի ունենալով Սուրիոյ հայութեան ռազմավարական ու մարտավարական կարեւորութիւնը՝ Սփիւռքի հայութեան ծիրէն ներս ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի մէջ յատկապէս:
– Ձեր գահակալութեան 20-ամեակի Յոբելեանի առիթով, անցնող 20 տարիներուն ընթացքին դուք հանդիսացած էք առաջնորդը մանաւանդ Սփիւռքի կարեւոր մէկ լայն հատուածին, որոնք ցեղասպանութեան ժառանգներն են: Դուք, այս պարագային, ցեղասպանութենէն փրկուած այդ հաւաքականութեան յիշողութեան վերայառնումը կը ներկայացնէք՝ իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ: Խնդրեմ, փոխանցեցէք մեր ընթերցողներուն ձեր հայրապետական խոհերը ձեր 20-ամեայ անցած ճանապարհին մասին:
– Երբ աթոռակալի մասին կը խօսուի, իմ հասկացողութեամբս՝ կը խօսուի նաեւ, ըստ էութեան, աթոռին մասին: Մի քանի առիթով ես ըսած եմ՝ մեր կեանքին մէջ երբեմն մարդիկ աթոռով կը բարձրանան կամ աթոռը կը բարձրացնեն: Իմ պարագայիս ես փորձած եմ աթոռը բարձրացնել, ոչ թէ աթոռով բարձրանալ: Մեր ծառայութեամբ աթոռը կը բարձրանենք՝ մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Անթիլիասին հզօրութիւնը, Անթիլիասին փառքն ու մեծութիւնը իր ծառայութեան մէջն է: Մենք խեղճ ու կրակ պայմաններու մէջ տեղահանուեցանք մեր դարաւոր Աթոռէն՝ Սիսէն, եւ կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՛նչ խեղճ պայմաններու մէջ հաստատուեցանք Անթիլիաս: Այսօր Անթիլիասը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ առանցքային ներկայութիւն է, հզօր ներկայութիւն է, որովհետեւ իր փառքը, իր մեծութիւնը Անթիլիասը տեսած է միայն ու միայն իր հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան մէջ: Այս մէյ մըն ալ կը շեշտեմ՝ հաւատքի առաքելութիւն եւ ազգային ծառայութիւն:
Քարը չէ Անթիլիասի մեծութիւնը, ոչ ալ պատմութիւնն է, այլ՝ ժողովուրդը: Անթիլիասը իր ծառայութեամբ ճառագայթող ներկայութիւն դարձած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ այսպէս, Անթիլիասական շրջանի մեր կաթողիկոսները՝ Սահակ կաթողիկոս, Բաբգէն կաթողիկոս, Պետրոս կաթողիկոս, Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոս, Զարեհ կաթողիկոս, Խորէն կաթողիկոս, Գարեգին կաթողիկոս, բոլորը Անթիլիասի ծառայութեան մէջ բան մը աւելցուցած են: Անցնող 20 տարիներուն ընթացքին ես ալ փորձեցի բան մը աւելցնել: Բնականաբար կեանքի պայմաններն ու մեր ժողովուրդի կարիքները ստիպած են, որ մենք տարածուինք: Այսօր մենք հսկայ աշխատանք կը կատարենք Անթիլիասի ճամբով: Անթիլիասը վայելք չէ, Անթիլիասը առաքելութիւն է, ժողովուրդին մէջ է, հո՛ս է, ամէն տեղ է, միջազգային շրջանակներէն ներս, քաղաքական, կրօնական շրջանակներէն ներս մենք ներկայութիւն ենք, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մենք ներկայութիւն ենք եւ պիտի շարունակենք: Մարդուժը մեզի համար շատ կարեւոր է: Կեանքի մէջ շատ բաներ կան, որոնք իրագործուելու համար դրամական յատկացումներու կը կարօտին, բայց բաներ ալ կան, որոնք միայն դրամով չեն ըլլար, այլ՝ ծառայութեամբ, իսկ ծառայութիւնը մարդով կ’ըլլայ: Մենք շեշտը պիտի դնենք եւ դրած ենք մարդո՛ւն վրայ: Այսօր վաթսունմէկ հոգի է մեր միաբանութիւնը: Յառաջիկայ ամիսներուն հինգ հոգի եւս պիտի ձեռնադրենք, այս հոգեւորականները պիտի ղրկուին մեր թեմերը՝ մեր ժողովուրդին ծառայելու համար: Անցնող քսան տարիներուն ընթացքին ծառայութեան ճամբով մեր միաբաններով, մեր ժողովականներով, մեր կառոյցներով փորձեցինք ծառայել մեր ժողովուրդին. հայրենիքի հզօրացումը, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը, մեր ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը, Անթիլիասի առաքելութեան մէջ եղած են ու կը մնան հիմնական հարցեր:
Մեր ծառայութիւնը կամ առաքելութիւնը սոսկ կրօնական շրջագիծին մէջ պէտք չէ դիտուի, ինչպէս ըսինք, պահանջատիրութիւնը մեզի համար հիմնական առաջնահերթութիւն է, ոչ թէ որովհետեւ մենք զրկուած ենք, դուրս դրուած ենք, իրաւազրկուած ենք, այլ ես կը հաւատամ, որ արդարութեան հարցը եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ, որեւէ եկեղեցւոյ, ապա յատկապէս մեր եկեղեցւոյ: Հայ դպրոցը, հայ մշակոյթը նոյնպէս մեզի համար հիմնական հարցեր են եւ ոչ թէ լուսանցքային հարցեր, անոր համար մեր առաքելութիւնը այսօր շատ տարածուած է, այդ առաքելութիւնը կատարելու համար մենք մարդուժի պէտք ունինք եւ բնականաբար նաեւ նիւթական կարելիութիւններուն:
Այսօր յստակօրէն կ’ըսեմ մեր նիւթական կարելիութիւնները շատ սահմանափակ են, բայց հակառակ այս իրողութեան, եթէ հետեւիք Անթիլիասի աշխատանքներուն, Անթիլիասը տարուէ տարի աւելի կը ծաւալէ իր աշխատանքը, Անթիլիասի նիւթական կարելիութիւնները միշտ ալ այսպէս եղած են, բայց, ինչպէս ըսի, մեր հայրապետները իրենց լաւագոյնը կատարած են, իրենց առաւելագոյնը տուած են մեր ժողովուրդին ծառայութեան ճամբով: Եւ մենք այս ոգիով այս յանձնառութեամբ եւ այս տեսիլքով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը: