Վերջապէս, մեր երկրի ղեկավարութիւնը անդրադարձաւ, որ հայոց բանակը կրնայ Հայաստանի տնտեսութեան «առաջատարը, շոգեքարշը» ըլլալ:
Նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ներկայացնելով հետագայ իր գործունէութեան ծրագիրի ուրուագիծը՝ յայտնեց, թէ անցում պիտի կատարուի «բանակաշինութիւնից դէպի ազգ-բանակ կառուցում»:
Այս ուշացած «յայտնագործումը» կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ արագ բարելաւում մը արձանագրելու ուղղութեամբ, մանաւանդ եթէ կառավարութիւնը խստօրէն որդեգրէ պետական պիւտճէի արդիւնաւէտ, բծախնդիր ու խնայողաբար գործածելու յայտարարուած գործելակերպը:
Արդարեւ, բանակը ամէնէն մեծ սպառող հատուածն է երկրին, եւ անոր կարիքները գոհացնելու համար, անցեալին գործադրուած են մատակարարման այնպիսի ձախաւեր ու յատկապէս կաշառակերութեան լաւագոյն պայմաններ ստեղծող միջոցներ, որոնց վերացումը ինքնին պիտի բազմապատկէ բանակի հզօրացման հնարաւորութիւնները:
Կարդացեք նաև
Սնունդէն սկսեալ, մինչեւ զինուորի հանդերձանքը, մինչեւ իսկ պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ արհեստագիտական որոշ սարքերու արտադրանքը տեղական ուժերով կազմակերպելու նախանձախնդրութիւնը, եւ այս բոլորը չարաշահող միջնորդները զանցող մատակարարումի ճամբով մը նուազագոյն գումարներով բանակին հասցնելը տնտեսական շարժ սկսելու պայմաններ պիտի ստեղծեն, յատկապէս՝ գիւղատնտեսութեան, ճարտարարուեստի ու բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ աշխատատեղեր ստեղծելով:
Ափսո՜ս կորսուած ժամանակին, ափսո՜ս մսխուած, թալանուած, կողոպտուած միջոցներուն, անէ՛ծք՝ հայ զինուորին հաշուոյն չարաշահութիւններով հարստացողներուն: Շարժի՛նք առաջ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում