Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայերը նոյնիսկ 150 տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքար մղած են. Կարօ Փայլան

Հոկտեմբեր 07,2016 17:53

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան դասախօսեց Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ սրահէն ներս: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու (NAASR) Կեդրոնը, գործակցաբար շրջանէն կարգ մը միութիւններու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթը։

Հետաքրքրական զեկոյց մը ներկայացնելով, ան նշեց թէ պէտք է դադրեցնել Թուրքիոյ մէջ շարունակուող զինուած բախումները:

«Պէտք է վերջ տալ այս մթնոլորտին: Սպանութիւններու եւ բախումներու մթնոլորտին մէջ կարելի չէ սահմանադրութիւն ստեղծել: Պէտք է միջոցներու ձեռնարկել` մեծցնելու այն հաւատքը, որ կարելի է ստեղծել ոչ թէ միահեծան, այլ ժողովրդավարական սահմանադրութիւն: Յստակ է, թէ Թայիպ Էրտողանի առաջարկած նախագահական ձեւը ժողովրդավարական չէ: Մենք այն համոզումին ենք, որ ատիկա բռնապետական ձեւ է: Մեր չափանիշը ժողովրդավարութիւնն է: Մենք կ՛ուզենք, որ հասարակութեան բոլոր խաւերը, անոնց իրաւունքները, արդարադատութիւնը պաշտպանուած ըլլան», ըսաւ Փայլան, աւելցնելով որ, իբրեւ հայ ամէն ջանք պիտի թափէ` հայերու պահանջները խորհրդարանին մէջ յստակ ներկայացնելու եւ հասարակութեան բոլոր խաւերուն համար շահաւէտ, ժողովրդավարական սահմանադրութեան ստեղծումը ապահովելու համար:

 

Անդրադառնալով նաեւ հայկական հարցին` Փայլան ընդգծած է, որ հայերը նաեւ 150 տարի առաջ այդ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքար մղած են, շարք մը հայ երեսփոխաններ ստեղծած ու առաջարկած են սահմանադրութեան իրենց նախագիծը:

Փայլան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւնները եւ ընդդիմադիր նկատուող մարդիկ վախի մէջ կ՛ապրին: Նաեւ, անոնք կը հալածուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ:

«Իշխանութեանց այս մօտեցումը ապագային նկատմամբ յուսատու չէ, որովհետեւ թուրքերը լաւ յարաբերութիւններու մէջ չեն հայերու, քիւրտերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ: Այս կը նշանակէ, թէ ազգայնական եւ Էրտողանի բռնատիրական մօտեցումը տիրապետող պիտի ըլլայ պետութեան մէջ», շեշտեց Փայլան:

Ան խստօրէն դատապարտեց Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը Սուրիոյ առնչութեամբ, ընդգծելով, որ Անգարա կ՛ուզէ ղեկավարել այդ երկիրը` աջակցելով իսլամական ծայրայեղ խմբակցութիւններու:

Ան աւելցուց թէ հարիւր տարի առաջ լիրբ եւ պատեհապաշտ կառավարութիւն մը` երիտթուրքերու կառավարութիւնը, նախընտրեց ազգային փոքրամասնութեան մը վերագրել Թուրքիոյ բոլոր հարցերը, ներառեալ` համաշխարհային թատերաբեմին վրայ իր նուաստացումը: Ատիկա վերջ գտաւ Ցեղասպանութեամբ:

«Այսօր քիւրտերը երէկուան հայերն են: Կը սպաննուին ընդհանուր անտարբերութեամբ: Ի տարբերութիւն հայերուն` անոնք զինուած են եւ կազմակերպուած: Բայց Էրտողան թիրախ դարձուցած է նաեւ խաղաղ բնակիչները, ներառեալ` կիները եւ երեխաները: Իսկ Եւրոպան կը լռէ` սարսափած այն գաղափարէն, որ Էրտողան յանկարծ թոյլ կու տայ Յունաստան անցնիլ այն երեք միլիոն սուրիացիներուն, զորս ընդունած է: Այդ յանցաւոր լռութիւնը, սակայն, ոչինչով պիտի պաշտպանէ Եւրոպան: Եթէ դէպքերը գէշ ընթացք ստանան, ապա այս անգամ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր պիտի բախեն իր դուռը:…Քանի մը տարի առաջ ձեռնարկուած էր խաղաղութեան գործընթացի մը, որուն ինք` Էրտողան անձնապէս աջակցած էր: Բայց այնպէս, ինչպէս 1914-15, երկիրի ղեկավարները սկսան հակամարտելու փոքրամասնութեանց դէմ` հրապարակաւ զանոնք ամբաստանելով որպէս թուրք ազգի դաւաճաններ. ներկայիս եւս կառավարութիւնը երկիրի բոլոր հարցերու պատասխանատուութիւնը կը բարդէ քիւրտերու ուսերուն», յայտնեց Փայլան, որ շեշտեց թէ Էրտողան, պատեհապաշտ մըն է:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան, ապա հիւրասիրութիւն: Նշենք թէ, Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 5-ին, «Հայրենիք» այցելութեան կողքին, նաեւ երեսփոխան Կարօ Փայլան, հիւրը եղաւ նաեւ Սուրբ Ստեփանոս ամենօրեայ վարժարանին: Ապա, Փայլան դասախօսեց Ուստըրի «Քլարք» համալսարանէն ներս, իր կողքին, իբրեւ զրուցակից ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան ամպիոնի պատասխանատու՝ Թանէր Աքչամը:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31