Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ին ՀՀանրապետութեան կողմէ Հայաստանի նախագահին հրամանագրով առաքուած Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին ՝ խաղաղութեան մաղթանքներով խորագիրը կրող բարեգործական մարդասիրական օժանդակութիւնները հասան Հալէպ։
40 թոն կշռող մարդասիրական օժանդակութիւնները նախապէս երկու հանգրուանով հասած էին Լաթաքիոյ ռուսական Հըմէյմիմ ռազմակայան։ Օժանդակութեան մէկ մասը տրամադրուեցաւ Լաթաքիոյ, Քեսապի, Թարթուսի եւ Դամասկոսի ժողովուրդին, իսկ գերակշիռ մասը հասաւ Հալէպ, տրամադրուելու բոլոր կարիքաւոր սուրիացիներուն։
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց օժանդակութիւններու ժամանման ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, հայ երեք համայնքապետները, սուրիական խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնումի Մարմնի ներկայացուցիչները։
Օժանդակութիւնները, որոնք կ՚ընդգրկէին սննդամթերք, անձնական մաքրութեան իրեր, ձմեռնային հագուստներ, ծածկոցներ եւ այլն յանձնուեցան Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնեւմի Մարմնին, որպէսզի իր կարգին տրամադրէ բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն, անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն։