Այսօր, Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին իրենց բարբարոսական արարքները՝ հրթիռակոծելով Հալէպի Նոր Գիւղ, Մոկամպօ եւ Մուհաֆազա շրջաններու խաղաղ բնակչութիւնը:
Նոր Գիւղի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցան երկու հայորդիներ.
Գասպար Շաթոյեան (1986-ի ծնունդ)
Մովսէս Մովսէսեան (1987-ի ծնունդ)
Վիրաւորուեցաւ Վարուժան Տօնապետեան, որուն վիճակը կայուն է: