Երեք շաբաթներէ ի վեր, Պուլկարիոյ հայերու միութեան նախագահ Յարութիւն Յովսէփեանի հովանաւորութեամբ եւ անոր անմիջական հսկողութեան ներքեւ Վառնայի Կալաթա թաղամասին մէջ գտնուող զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի տան մէջ, որ ազգային հերոսի աշխարհի միակ կանգուն մնացած մեծ տունն է, մեկնարկած են վերականգնողական աշխատանքները:
Վերանորոգման եւ շինարարական աշխատանքներուն աւարտէն ետք անիկա պիտի վերածուի տուն-թանգարանի եւ պիտի արձանագրուի Պուլկարիոյ Մշակութային կոթողներու պահպանութեան կոմիտէին մէջ:
Շինարարական աշխատանքներուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար, «Կանթեղ Արարատեան» պուլկարահայ ելեկտրոնային կայքի թղթակիցը հանդիպած եւ զրուցած է Յ. Յովսէփեանի հետ:
ՊՀՄ նախագահը կը տեղեկացնէ, որ առաջին հերթին աշխատանքներ սկսած են տան ամբողջ բակի պարսպապատման համար: «Բակը ամբողջութեամբ պարսպապատուած էր մետաղեայ ցանցով: Հիմա մենք զայն կը փոխարինենք քարէ պարիսպով, որ ինքնին հնաոճ տեսք պիտի ունենայ», կը նշէ Յ. Յովսէփեան:
Միաժամանակ հսկայական աշխատանք կը տարուի տան տանիքին վրայ: Յարութիւն Յովսէփեան նշեց, որ տանիքը եւս ամբողջութեամբ պիտի փոխարինուի, քանի որ հնութեան պատճառաւ, անիկա կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ:
Տան սեփականատէրերը, որոնք ազգութեամբ հայեր էին, կալուածը ժառանգութիւն ստացած էին զօր. Անդրանիկի կնոջ՝ Նուարդ Օզանեանի կողմէ, որոշած էին զայն քանդել եւ տեղը բազմաբնակարան շէնք կառուցել: Սակայն Յ. Յովսէփեան յաջողեցաւ իր անձնական միջոցներով զայն գնել եւ փրկել կործանումէ:
«Կանթեղ Արարատեան»