«Գանձասար». Այսօր, 3 Հոկտեմբեր 2016-ի կէսօրուան ժամերուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները շարունակեցին հրթիռակոծել Նոր Գիւղ, Սուլէյմանիէ, Թէլֆոն Հաուաաի շրջանները:
Նոր Գիւղի շրջանի մէջ ինկած հրթիռին հետեւանքով թեթեւակիօրէն վիրաւորուած են 1997ի ծնունդ Գարլօ Արամ Ֆերմանեանն ու անոր մայրը Նաուալ Ապտօն:
Զոհեր չեն արձանագրուած: