ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) 11րդ համաժողովի նիստերուն ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին ու Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս ապրող այլ քրիստոնեայ համայնքներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն: Արամ Ա. վեհափառը յիշեցուց համաժողովի մասնակիցներուն, թէ ներկայ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը, որ ժառանգորդն է Օսմանեան թուրք կայսրութեան, ոչ միայն չի ստանձներ իր նախնիներուն կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւններուն պատասխանատուութիւնը, այլ նաեւ կը շարունակէ նոյն ոճով ու քաղաքականութեամբ գործել Միջին Արեւելքէն ներս եւ ամէն ճիգ կը թափէ մասնատելու մեր ընկերութիւնը:
«Մեր օրերուն, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնները կը հրահրուին 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Օսմանեան թուրք կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս։
Համաժողովի մասնակիցները ժողովի փակման յայտարարութեան մէջ յատուկ տեղ տուին հայ ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ 100 տարի առաջ գործադրուած ցեղասպանութեանց։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում