kantsasar.com. Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովը` բարձրօրէն գնահատելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բերած ներդրումը միջեկեղեցական շարժումին մէջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ մասնաւորապէս, զինք ընտրեց իբրեւ խորհուրդի պատուոյ նախագահ: Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց համաժողովին աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ իր նպաստը բերելու միջեկեղեցական շարժումի զարգացման:
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովը շարունակելով իր աշխատանքները կատարեց Գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը: Համաժողովին մասնակցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամներէն Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան ընտրուեցան Գործադիր վարչութեան անդամներ, իսկ դոկտ. Ժան Սալմանեան` անձնափոխանորդ: Գործադիր վարչութիւնը յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին, մինչեւ յաջորդ համաժողով, կը ծրագրէ խորհուրդի աշխատանքները եւ կը փորձէ իրագործել համաժողովէն բխած առաջարկները: Գործադիր վարչութիւնը կը կազմուի եկեղեցական չորս ընտանիքներու (ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական, արեւելեան ուղղափառ, աւետարանական եւ կաթողիկէ) քսանչորս ներկայացուցիչներէ: Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի կազմութենէն ի վեր (1974) գործօն մասնակցութիւն կը բերէ խորհուրդի աշխատանքներուն:
Վերջապէս, համաժողովը յառաջիկայ չորս տարիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար ընտրեց հայր Միշել Ժալըխը: