Միշտ բողոքած ենք, որ մեր մտաւորականութիւնը կրաւորական է, լուսանցքի վրայ կանգնած կը հետեւի ազգային իրադարձութեանց եւ իր ծանրակշիռ ձայնը կը զլանայ բարձրացնել համազգային նշանակութեամբ խնդիրներու վերաբերեալ։
Նաեւ, ափսոսանք արտայայտած ենք, որ մտաւորականները, նոյնիսկ անոնց ամէնէն վաւերականները, նոյն իրենց կրաւորականութեան պատճառաւ կորսնցուցած են իրենց վարկն ու հեղինակութիւնը եւ զրկած են մեզ բարոյական կարեւոր կողմնորոշիչներէ:
Չորեքշաբթի օր, Երեւանէն խրախուսական ձայներ հնչեցին՝ ազդարարելով մտաւորականներու խումբի մը նախաձեռնութիւնը, Վահան Տէրեանի մէկ գրութեան՝ «Հոգեւոր Հայաստան»-ի վերնագիրը օգտագործելով իբրեւ բնաբան: (տես էջ 5)
Այս նախաձեռնութիւնը շարժումի կը վերածուի՛ թէ ոչ՝ կախեալ պիտի ըլլայ մտաւորական աւելի լայն շրջանակի մը վերաբերումէն: Նախաձեռնութեան առաւել ուժ ու ոգի կրնան ներշնչել սփիւռքեան արձագանգները:
Կարդացեք նաև
Երեւանէն հնչած ահազանգը տարբեր սաստկութեամբ շարունակ հասած է Սփիւռք, եւ ի բացակայութիւն խօսքէն անդին գործի անցնելու լրջութեան՝ մոռցուած է, առաւել բեկում յառաջացնելով շարժումի մը սպասող շրջանակներուն մէջ:
«Հոգեւոր Հայաստան»ին ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ՝ չենք կրնար գուշակել: Յայտնելով մեր ցանկութիւնը՝ յանձնառու մտաւորականութեան շարժը տեսնելու կապակցութեամբ, այստեղ կը ներկայացնենք Վահան Տէրեանի 1914ին ստորագրած գրութեան եզրակացութիւնը՝ իբրեւ ներշնչման աղբիւր.
«… Եթէ, իրաւ, այդպէս է, ապա իր աչքերը Հայաստանի դաշտերին ու սարերին յառած հայութիւնը պիտի ներշնչուի մի նոր ու առաւել բարձր տենչանքով, մի պարզ ու խորին գիտակցութեամբ, մի անսասան բաղձանքով կենդանութիւն ներշնչելու մեր կիսամեռ Հոգեւոր Հայրենիքին, մեր աւերուող ու անդարձ անհետացող Հոգեւոր Հայաստանին: Չէ՞ որ նիւթական կորուստները մի՛շտ կարելի է վերադարձնել, իսկ հոգեւոր կորուստն անդառնալի է:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում