ՀԱԼԷՊ.- «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է Հալէպ քաղաքի այն բաժիններուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ: Սուրիոյ Պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յարձակում գործելով՝ վերատիրացած է քաղաքի հարաւը գտնուող այն երկու զինուորական վարժարաններուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ:
Մարդկային իրաւանց սուրիական կեդրոնը հաստատեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է նշեալ դիրքերուն՝ զինեալ ընդդիմութեան առջեւ քաղաքի հարաւային անցքերը փակելով։
«Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ Սուրիոյ բանակը նաեւ իր վերահսկողութեան տակ առած է Ռամուսայի ճամբան, որ կ՛առաջնորդէ դէպի արեւելեան Հալէպի թաղամասերը տանող ճեղքը, այդպիսով՝ վերականգնելով ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի պաշարման օղակը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում