Իսկական բանակցային գործընթացը դեռ շատ հեռու է իրականութիւն ըլլալէ: Համանախագահող երկիրները ցարդ չեն յաջողած զսպել Ատրպէյճանի ապօրինութիւնները եւ կասեցնել անոր ոճրային գործունէութիւնը: Գործընթացը իրողապէս սառած է վաղուց: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա զայն վաղուց առեւանգած են եւ պարպած՝ իր էութենէ՛ն: Ժամանակն է, որ այս խախուտ փոխյարաբերութեան վերջ տրուի: Ժանանակն է, որ բուն հարցը դրուի սեղանի վրայ յստակ ու մեկին: Ատրպէյճան պարտաւոր է հայկական կողմին հայթայթելու խաղաղութեան անշրջանցելի երաշխիքներ:
Ամէն այլ նախաձեռնութենէ առաջ, ան պարտաւոր է ստորագրելու միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ոչ-յարձակման ուխտագիր (non-aggression pact) մը եւ տալու ապացոյցը այդ ուխտագրի փաստացի կիրառման, որպէսզի բանակցային գործընթացը փաստացիօրէն սկիզբ առնէ հետապնդելով երկուստեք ընդունելի համաձայնութեան այն փաթեթը, որուն սահմանումը կ՛ընէ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը եւ որ կոչուած է արմատական լուծում բերելու ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան մեծ խնդրին:
Կարօ Արմենեան
Սեպտեմբեր 2, 2016
Կարդացեք նաև
Ուաշինկթըն
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում